2013-05-15 11:44:01

Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա. Եւ Օրթոտոքս Ղպտիներու Եկեղեցւոյ Պատրիարք Թաուատրոս Բ. Միլանոյի մէջ։


15 եւ 16 մայիսին Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա. պատմական այցելութիւն մը կը կատարէ Սուրբ Ամպրոզիոսի Թեմին նշելու համար ''Միալնոյի հրապարակագիրի'' 1700 ամեակը, որով արեւմուտքի մէջ սկիզբ առաւ կրօնական ազատութիւնը։

Բարթողոմէոս Ա Միլանոյ կը ժամանէ ընդառաջելով Միլանոյի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Սքոլայի հրաւէրին։ Պատրիարքը անցեալ 20 մարտին առիթ ունեցած էր հանդիպելու նաեւ ֆրանչիսկոս Պապին հետ անոր գահակալութեան արարողութեան առթիւ։
Նշենք որ Բարոթողոմէոս Ա. ծնած է 29 փետրուար 1940-ին Թուրքիոյ Իմպրօ կղզիին մէջ։ Կ. Պոլսոյ Պատրիարք ընտրուած է 22 հոկտեմբեր 1991-ին։ Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան աթոռը Պոլիս կը գտնուի, նախկին Բիւզանդիոնը, որ Կոստանդին կայսեր վերակառուցեց որպէս ''Նոր Հռոմ'' 330-ին եւ այդ օրէն ստացաւ Կոստանդին անունը։ Կ. Պոլսոյ Աթոռը Պատրիարքական աթոռ դարձաւ Եփեսոսի Տիեզերական Ժողովի որոշումով 431թուականին։
Միլանոյի Արքեպիսկոպոսարանի հրատարակայծ հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք թէ 14 մայիսին Միլանոյի թեմը այցելած է նաեւ Օրթոտոքս Ղպտիներու պատրաիարքը Թաուատրոս Բ. որ անցեալ 10 մայիսին պատմական հանդիպում ունեցած էր ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապեին հետ։
Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա. միլանոյ կեցութեան ընթացքին առիթ կ՛ունենայ մասնակցելու Օրթոտոքս աղօթքի արարողութեան մը, Կարտինալ Սքոլայի հետ միասին ներկայացնելու ''վարդապետական դասախօսութիւն'' մը կրօնի ազատութեան մասին եւ միշտ Կարտինալ Սքոլայի հետ միասին նախագահելու համամիութենական արարողութիւն մը Սուրբ Ամպրոզիոսի Պազիլիքային մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.