2013-05-15 08:08:40

Ըստ Ուսումնասիրութեան Մը Հայերն Ու Հրեաները Ատելութեան Գլխաւոր Թիրախներն Են


«Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, հայերն ու հրեաները լրատուամիջոցներուն մէջ ատելութեամբ լեցուն գրութեանց գլխաւոր թիրախներն են` կազմելով այդ գրութեանց 25 առ հարիւր համեմատութիւնը, անոնց կը յաջորդեն քրիստոնեաները` 18 առ հարիւր:
Ուսումնասիրութիւնը կատարուած է հիմնուելով 2012-ի վերջին 5 ամիսներուն ընթացքին հրապարակուած տեղեկատուութեանց վրայ, որոնք ազգային կամ կրօնական գետնի վրայ խտրականութիւն կատարող եւ ցեղապաշտական արտայայտութիւններ օգտագործած են:
Ըստ ուսումնասիրութեան, ատելութեամբ լեցուն գրութեանց մեծամասնութիւնը Պոլսոյ նահանգին մէջ են: Լրատուութեանց մէջ ատելութեանց եւ թշնամական արտայայտութեանց համեմատութիւնը 42 առ հարիւր է, իսկ լրատուութեանց 27 առ հարիւրը կողմնակալ կամ աղաւաղուած էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.