2013-05-14 13:20:39

ՍՈԻՐԲ ԿՈՅՍԸ


Քրիստոնեաները յատուկ բարեպաշտութիւն ունին Սուրբ Կոյսին նուիրելով իրեն սէր եւ աղօթք: Մայիս ամիսր Սուրբ Կոյսին եւ զինք սիրողներուն ամիսն է :

Սուրբ Կոյսին եւ Եկեղեցւոյ միջեւ սերտ միութիւն մր հիմնուած է, որ կը կոչուի Մարիամ-Եկեղեցի: Այս կապը դարերէ ի վեր կ՚՛ոգեւորէ հաւատացեալները, որովհետեւ Եկեղեցին իր կարգին կր մարմնաւորէ Սուրբ Կոյսը, որպէս «Կոյս, Մայր, Բարեխօս եւ Դաստիարակ» :

Եկեղեցին ծնաւ Մարիամի հետ Խաչին ոտքը, ուր Ան եւ քրիստոնէութիւնը ստացան սիրոյ եւ առաքելութեան շունչը: Մարիամ Եկեղեցին կը խորհրդանշէ եւ կը մասնակցի անոր չարչարանքներուն եւ ուրախութիւններուն: Ան հաւատացեալներուն կը պարգեւէ շնորհքը Եկեղեցիին ու հաւատքին զօդուած մնալու։

Յիսուս տեսնելով իր մայրը եւ Իր սիրելի աշակերտը կ՚րսէ. «Կին, ահաւասիկ քու որդիդ» (Յովհ 19, 26): Այս որդին` Յովհաննէս առաքեալը, Եկեղեցին կը ներկայացնէ, որ ծնունդ առաւ խաչին դիմաց : Մարիամ կը ներկայանայ Կանայի հարսանիքին, որպէս նոր ժողովուրդին խորհրդանիշը փրկ֊չագործութեան առաքելութեան մէջ :

Մարիամ, Եկեղեցւոյ եւ սուրբերու հոյլին մէջ, առաջինը կը հանդիսանայ հաւատացեալները առաջնորդելու դէպի սրբութիւն. Ինքն է որ Եկեղեցւոյ կր շնորհէ ընտանեկան կեանքը:

Սուրբ Բեռնարդոս կ՛րսէր. «Արքայաշուք Կոյսը կեղծ պատիւներու կարիքը չունի»: Յաջորդ դարուն, Սուրբ Պոնաւենտուրա աւելի խիստ ոճով կ՛՚ըսէր. «Սրբուհի Մարիամը մեր սուտերուն պէտք չունի : Պիտի փափաքէի այս տեսակէտս իմ ընթերցողներուս հետ բաժնել: Ժամանակի ընթացքին, անոնց բարեպաշտութիւնն ու հաւատքը զօրաւոր կ՚րլլան» :

Մարիամ այս իւրայատուկ օրհնութիւնը Աստուծմէ կը ստանայ: Ան ընտրուեցաւ բոլոր կիներուն մէջ որպէսզի դուռը բանայ նոր ժամանակներուն : Ճանչնալ մեր կոչումը կը նշանակէ թողուլ որ Աստուած մեզի յայտնէ թէ մենք արժանի ենք Իրեն: Ան ցոյց կու տայ մեզի մեր իսկական կոչումը :

«Քրիստոնէութեան մեկնակէտը Բանին մարմնացումն է : Հոս, միայն մարդր չէ որ զԱստուած կր փնտռէ, այլ Աստուած անձամբ կու գայ մարդուն մօտ, խօսելու անոր հետ : Մարդը Աստուծոյ փառքին Յայտնութիւնն է, որ կոչուած է ապրելու Աստուծոյ կեանքին լիութեան մէջ» (Յովհաննէս Պօղոս Բ) :

«Ինչպէս պիտի ըլլայ ինծի ասիկա, քանի որ ես մարդ չեմ ճանչնար» (Ղուկ 1, 34) : Հակառակ Զաքարիային, որ կր տարակուսէր եւ նշան մը կը խնդրէր (Ղուկ 1, 18), Մարիամ իր հարցումով կը յայտնէ իր փափաքը Աստուծոյ նշանը ընդունելու իր ամբողջ խելքով ու սրտով : «Այսպէս է որ մարդուս կոչումին մէջ կր փայլին Աստուծոյ ձրի սէրն ու մարդուն ազատութեան ամենաբարձր վերացումր, այսինքն Աստուծոյ կոչին հաւանութիւնը եւ վստահութիւնը» (Յովհաննէս Պօտս Բ) :

Մարիամին կոչումը կր բխի Սէրէն որ ամէն բան կը վերանորոզէ : Սուրբ Հոգին իր վրան պիտի իջնէ : Ան արարչագործութիւն է եւ կեանք : Սարիամ, իր ամբողջ սրտով կր նուիրուի Աստուածային Փրկութեան կամքին: Աստուծոյ խնդրած զոհերր չեն որ ամէնէն աւելի հաւատք կը պահանջեն, այլ անոր ըրած անյուսալի խոստումները։ Ինչպէս որ Աբրահամ «յուսաց ամէն յոյսի դէմ», այնպէս ալ Մարիամ հաւատաց Աստուծոյ խօսքին: Սուրբ Հոգին ամէն կոչում կը վերածէ յոյսի, նշանի ու գործի... «եւ յոյսը չի խաբեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը սփռուած է մեր Սրտերուն մէջ (Հոոմ5,5):

Մարիամ Քրիստոսի մայրն է հաւատքին մէջ, նախքան բնական մայր ըլլալը, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս. «Մարիամ երանելի է, որովհետեւ Ան Աստուծոյ Խօսքը լսեց ու պահեց»:

Մարիամ կատարեալ տիպարն է Սիրոյ՝ Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդէպ: Իր ամբողջ կեանքը զայն կը հռչակէ. «Հզօրը սքանչելիքներ ըրաւ ինծի. Սուրբ է Անոր Անունը» :

Հայր Գէորգ Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.