2013-05-14 12:42:40

''Պէտք Է Սիրելու Կարող Լայն Սիրտ Մը Ունենանք'' Կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը։


Վատիկանի Սանդա Մարդայի Տան մէջ, ուր ֆրանչիսկոս Պապը բնակութիւն հաստատած է իր ընտրութենէն ասդին, առաւօտեան ժամը 7-ին մատուցած առօրեայ սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ ''Պէտք ենք լայն սիրտ մը ունենալ որ կարողանայ սիրել''։ Սրբազան Հայրը զգուշացուց ներկաները անձնասիրութեան վտանգներէն եւ խղճի կղզիացումի հետեւանքներէն։ Եթէ կ՛ուզենք հետեւիլ Յիսուսին պէտք ենք ''նուիրումի կեանք մը ապրիլ'' - ըսաւ Ան - եւ մեր կեանքը պէտք ենք նուիրել ուրիշներուն։ Արդարեւ Յիսուս ըսաւ ''չկայ աւելի մեծ սէր քան կեանքը զոհել ուրիշներուն''։
ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսեցաւ Յուդայի մասին որ անձնասիրութեան զոհ եղած էր եւ կղզիացած։ Անձնասէրը - ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը- խնամք կը տանի միայն իր անձին ու իր կեանքին ու ան միշտ առանձնութեան մէջ է։ Իսկ այն որ իր կեանքը կը նուիրէ ուրիշներուն առանձնութիւնը չի ճանչնար որովհետեւ կ՛ապրի ընտանիքի մէջ, հասարակութեան հետ։
Սրբազան Հայրը քարոզը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Հոգւոյն գալուստը որ ''մեզի շնորհէ լայն սիրտ մը որ կարող ըլլայ հեզութեամբ եւ խոնարհութեամբ սիրել''։








All the contents on this site are copyrighted ©.