2013-05-14 13:04:35

Կեանքի Ի Նպաստ Քայլարշաւ


Անոր մասնակցած են աւելի քան 30.000 հոգի
Կեանքի ի նպաստ քայլարշաւին մասնակցած են աւելի քան 30 հազար հոգի` ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հրաւիրեց զանոնք պաշտպանելու կեանքի նուիրականութիւնը սաղմէն մինչեւ բնական մահը։
Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքին ընթացքին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ողջունելով կեանքի ի նպաստ քայլարշաւին մասնակցողները, եկած՝ Եւրոպայի զանազան վայրերէն, հրաւիրեց ներկաները պաշտպանելու՝ կեանքի նուիրականութիւնը, ՜՜սաղմէն մինչեւ բնական մահ՝՝։ Միաժամանակ Սրբազան Հայրը ողջունեց ու քաջալերեց բոլոր այն կազմակերպութիւնները որոնք կ՝աշխատին ՜՜ստորգրութիւններ՝՝ հաւաքելու սաղմին օրինական ճանաչումին ի խնդիր, ներկայացնելու համար Եւրոպայի Միութեան։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց որ յառաջիկայ 15 եւ 16 յուլիսին, Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ''կեանքի Աւետարանը'' բնանիւթով հաւաքը, Հաւատքի տարւոյն ծիրէն ներս։ Ամէնքս- ըսաւ Սրբազան Հայրը- հրաւիրուած ենք այդ օրուան եւ մասնաւորապէս հրաւիրուած են բոլոր անոնք որոնք շահագրգռուած են կեանքի նուիրականութեան պաշտպանութեան ի խնդիր։ Այդ առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը բացօթեայ պատարագ պիտի մատուցէ Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.