2013-05-14 08:21:55

Այսօր Սուրիոյ Հարցով Կարեւոր Հանդիպումներ


Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ այսօր եւ վաղը Շուէտի մէջ Հիւսիսային բեւեռի խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ հանդիպում կայացնելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է:

«Երկու կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցին հանդիպումին շուրջ, որ պիտի շարունակէ Քերրիի Մոսկուա այցելութեան ընթացքին սկսած երկկողմանի եւ միջազգային օրակարգի քննարկումը», ըսաւ Ռիապքով` նշելով, որ «կը նախատեսուի, որ Քերրի եւ Լաւրով քննարկեն Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի համաձայնած` Սուրիոյ շուրջ միջազգային ժողովի գումարման մանրամասնութիւնները»:

Ան աւելցուց, որ «Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման շուրջ հետաքննութեան համար ռուսական եւ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց միջեւ համագործակցութեան որեւէ համաձայնութիւն չէ գոյացած»:

«Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քրեմլին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պիտի հիւրընկալէ, եւ անոր հետ քննարկումները պիտի կեդրոնանան Սուրիոյ կացութեան զարգացումներուն վրայ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ Սպիտակ տան մէջ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ առանց Ասատի փոխանցման հանգրուանի մը ուղղութեամբ ճնշումը պիտի շարունակուի` աւելցնելով, որ Քամերոնի հետ համաձայնութիւն գոյացած է աշխատանք տանելու փոխանցման մարմինի մը միջոցով առանց Ասատի ժողովրդավարական Սուրիոյ մը կերտման շուրջ: Ան նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ հարցի լուծման մասնակից դառնալը Ռուսիոյ շահերէն կը բխի եւ անոր պարտաւորութիւնն է: Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւանական նկատեց, որ Սուրիոյ շուրջ միջազգային ժողովը յետաձգուի մինչեւ յունիսի սկիզբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.