2013-05-14 10:44:12

«Աստուած Եւ Թրքական Պետութիւնը Զիս Պիտի Պաշտպանեն» Կ՛ըսէ Բարթողիմէոս Ա.


Յոյն ուղղափառներու տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոս Ա. անդրադառնալով զինք ահաբեկելու վերջերս բացայայտուած ծրագիրին յայտնեց, որ ինք ատկէ մտահոգուած չէ եւ կը հաւատայ, որ Աստուած ու թրքական պետութիւնը զինք պիտի պաշտպանեն:
Անգարայի պետական դատախազի գրասենեակը հետաքննութեան ձեռնարկած էր օսմանցիներուն կողմէ Պոլսոյ գրաւման 560-ամեակի նշման օրը տիեզերական պատրիարքը ահաբեկելու ծրագիրի մը շուրջ:
Բարթողիմէոս Ա. կը մասնակցէր հիւսիսարեւմտեան Էտիրնէ նահանգին մէջ Ուզունքէօփրիւի մէջ նախապէս յոյն ուղղափառներու եկեղեցի մը եղած մշակութային կեդրոնի մը բացման արարողութեան: Ան պատասխանելով այդ ծրագիրին մասին լրագրողի մը հարցումին յայտնեց, որ դէպքին մեծ կարեւորութիւն չէ տուած` աւելցնելով, որ «գիտեմ, որ նախ եւ առաջ Աստուած, ապա մեր պետութեան ապահովական ուժերը զիս լաւապէս պիտի պաշտպանեն: Ուստի, այդպիսի դէպքերէ բնաւ մտահոգ չեմ եւ որեւէ վախ չունիմ: Ահա թէ ինչու հիմա հոս եմ: Ուր որ կ՛ուզեմ կ՛երթամ առանց վախի: Շնորհիւ Աստուծոյ ժամանակացոյցս պիտի չփոխեմ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.