2013-05-13 08:18:36

Թուրքիա Սուրիական Վարչակարգը Կ՛Ամբաստանէ, Դամասկոս Կը Մերժէ Ամբաստանութիւնը.


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի դատապարտեց Ալեքսանտրէթի Սուրիոյ սահմանին մօտ գտնուող Ռեհանիյէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած պայթումները, որոնք աւելի քան 140 զոհ եւ վիրաւոր պատճառեցին:
Քերրի յայտնեց, որ «այս ահաւոր լուրը մեր բոլորին վրայ ազդեց, որովհետեւ Թուրքիոյ հետ սերտ գործակցութիւն ունինք եւ նկատի ունենալով, որ Թուրքիա յաճախ անցեալ երեք ամսուան ընթացքին իբրեւ արտաքին գործոց նախարար աշխատանքիս մէջ աշխուժ առանցք մըն էր»: Ան շեշտեց, որ «մեր դաշնակից Թուրքիոյ կողքին պիտի կանգնինք»` նշելով, որ «Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ականահարումները յատուկ եւ անձնական պատգամ մըն են` ուղղուած Միացեալ Նահանգներուն դէմ` նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ առանցքային դերակատարութիւնը»:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքճի իր կարգին դատապարտեց Թուրքիոյ մէջ «ահաբեկչական եւ զոհերուն միջեւ խտրութիւն չդնող» յարձակումը` նշելով, որ այդպիսի արարքները ամբողջ աշխարհի կողմէ դատապարտուած են եւ «բոլոր երկիրները ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու պարտաւորութիւնը ունին»:
Թուրքիա Սուրիական Վարչակարգը
Կ՛ամբաստանէ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «Սուրիա կ՛ուզէ Թուրքիան ներքաշել աղէտալի դիպաշարի մը մէջ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց «Սուրիոյ դէմ շարժելու»` նշելով, որ «դրացի երկիրներու դիմագրաւած վտանգները կ՛աճին»: Ան թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ըստ իրեն, «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի համակիր զինեալներ կը կանգնին երկու ականուած ինքնաշարժներու պայթումին ետին, որ երէկ սահմանամերձ Ռեհանլը քաղաքին մէջ 40 զոհ պատճառեց»:
Ան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականները յարձակումին հետ կապ չունին, այլ` ատոր ամբողջապէս առնչակից է սուրիական վարչակարգը: «Գոյութիւն ունի այն կարծիքը, որ շաբաթ օրուան յարձակումին մեղսակիցներն են, որոնք գործած են մէկ շաբաթ առաջ Սուրիոյ ծովեզերեայ Պանիաս քաղաքին դէմ յարձակումը, յարձակում մը, որուն ընթացքին, ըստ տեղեկութեանց, քաղաքացիական պատերազմին մէջ Ասատին զօրավիգ կանգնող զինեալներ առնուազն 62 անձ սպաննած են», ըսաւ Տաւութօղլու:
Նշենք, որ ան շաբաթ օր զգուշացուցած էր Թուրքիոյ հակադարձելու կարողութիւնը փորձելէ:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ իր կարգին թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ռեյհանիյէի մէջ տեղի ունեցած երկու ականահարումներէն ետք 9 կասկածեալներ ձերբակալուած են: «Նախնական հետաքննութեան արդիւնքները ցոյց կու տան, որ յարձակում գործողները սուրիական վարչակազմին եւ գաղտնի սպասարկութեանց հետ կապ ունին», ըսաւ Արընչ:
Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ Ալեքսանտրէթի իշխանութիւններուն փոխանցած տեղեկութեանց համաձայն, Ռեհանիյէի մէջ տեղի ունեցած երկու պայթումները կրնան անձնասպանական գործողութիւններ ըլլալ:
Նշենք, որ թրքական իշխանութիւնները երէկ Ռեհանիյէի մէջ ականուած երկու ինքնաշարժներ յայտնաբերեցին եւ պայթեցուցին զանոնք, առանց որ վնասներ պատճառեն:
Դամասկոս Թրքական
Ամբաստանութիւնը Կը Հերքէ
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի հերքեց թրքական ամբաստանութիւնը` յայտնելով, որ «ոչ ոք անհիմն ամբաստանութիւններ կատարելու իրաւունք ունի»: Ան ըսաւ, որ Տաւութօղլու «ամբաստանութիւններ կ՛ուղղէ, ապա կ՛ուզէ փաստեր փնտռել, այլ խօսքով` կ՛ուզէ փաստեր արտադրել»` աւելցնելով, որ Էրտողան «մարդասպան եւ ջարդարար» ըլլալուն համար պէտք է իշխանութենէն հեռանայ: Ան ըսաւ, որ Էրտողանն ու թրքական կառավարութիւնը «թուրք ժողովուրդին, շրջանին, սուրիացի ժողովուրդին եւ աշխարհի դիմաց քաղաքական ու բարոյական անմիջական պատասխանատուութիւն կը կրեն» եւ «պէտք չէ իր (Էրտողան. «Ա.») փառքը սուրիացիներու արեան վրայ հիմնէ»:
Զողպի նաեւ յայտնեց, որ «Իսրայէլ պէտք է գիտակցի, որ չի կրնար Սուրիոյ օդային տարածքին եւ հողերուն վրայ պտոյտ կատարել»:
Իսրայէլ Մտահոգ
Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Սիլվան Շալոմ Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, որ մօտ օրէն Մոսկուա պիտի այցելէ, «վճռած է» փորձել ռուսական հրթիռներու Սուրիա մատակարարումը արգելակել: Ան ըսաւ, որ «Էս-300» հրթիռներու Սուրիոյ մատակարարման կարելիութիւնը «մեզ չափազանց կը մտահոգէ»` աւելցնելով, որ «այդպիսի զէնքերու Սուրիոյ յանձնումը շրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը պիտի փոխէ, եւ այդ զէնքերը կրնան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին ու Իրանի դաշնակից Հըզպալլայի ձեռքը անցնիլ»:
Շալոմ ընդգծեց, որ «եթէ Սուրիա այդ հրթիռները ստանայ, ապա Սուրիոյ մէջ փոփոխութիւն կատարել փափաքող երկիրներուն աշխատանքը դժուար պիտի ըլլայ»:
ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ռոն Փրոսոր իր կարգին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ «արդիական եւ ոչ աւանդական զէնքերու Սուրիայէն Հըզպալլային մաքսանենգելու գործողութիւնները կը շարունակուին»: Ան ըսաւ, որ «կը դիմակայենք դժուար կացութիւն մը, ուր Հըզպալլա կը փորձէ արդիական զէնքեր ձեռք ձգել, եւ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւնները այդ ուղղութեամբ յստակ են, ինչ որ կը սպառնայ շրջանը անկայունութեան եւ բռնարարքներու վիճակի մէջ ընկղմել»:
Փրոսոր Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն կոչ ուղղեց իրենց լիազօրութիւնները օգտագործելու եւ «ահաբեկչութեան ճարտարարուեստին» ճամբան կտրելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.