2013-05-13 09:56:25

Արեւմտահայերէնը Թուրքիոյ Մէջ Անհետացող Լեզուներու Շարքին


Երեւան։ Արեւմտահայերէնը Թուրքիոյ մէջ անհետանալու վտանգին տակ գտնուող 18 լեզուներէն մէկն է՝ ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕի հրապարակած՝ «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու քարտէս»ին, կը հաղորդէ «Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը:
Արեւմտահայերէնը, ինչպէս նաեւ հայերէնի համշէնեան բարբառը, լազերէնը, ասորերէնը, յունարէնը, աբխազերէնը եւ պոնտոսեան յունարէնը ներառնուած են յստակ վտանգի տակ գտնուող լեզուներու ցանկին վրայ:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի ցանկին համաձայն՝ Թուրքիոյ մէջ արեւմտահայերէնը կը գործածուի Պոլսոյ եւ Վագըֆ գիւղին մէջ, մօտաւորապէս 50,000 հայերու կողմէ:
Հայաստանի պարագային՝ նոյն ցանկին վրայ վտանգի ենթակայ կը նկատուին միայն երկու լեզու՝ ասորերէնը եւ պոնտոսեան յունարէնը, մինչ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի մէջ նման լեզուներու թիւը 11 է:
ԵՈՒՆԵՍՔՕի հրապարակած ցանկին վրայ լեզուները բաժնուած են հինգ խումբերու՝ ըստ անհետացման վտանգի աստիճանին: Անոնք են՝ Խոցելի, Յստակ վտանգի տակ, Ուժեղ վտանգի տակ, Ծայրայեղ վտանգի տակ եւ Անհետացած լեզուներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.