2013-05-12 10:25:56

Սրբազան Քահանայապետի Քարոզը Երեք Նոր Սուրբերու Սրբադասման Արարողութեան Առթիւ։


Կիրակի 12 մայիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 9,30 ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, նախագահեց բացօդեայ Սուրբ Պատարագին որուն ընթացքին երեք երանելիներ` Իտալացի Անթոնիօ Բրիմալտօ եւ իր 800 ընկերներ, գոլոմպիացի Մայր Լաուրա Մօնդօյա Ուբէկուի եւ Մեքսիքացի Մայր Մարիա Կարսիա Ծաւալան, Եկեղեցւոյ սուրբեր հռչակեց։
Արարողութեան ընթացքին իտալերէն եւ սպաներէն լեզուներով արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը, մեկնաբանելով սուրբ գրային ընթերցումները, խօսքը կեդրոնացուց երեք նիւթերու վրայ.
- Քրիստոսի հանդէպ հաւատարմութիւն որ ''մեզ կը տանի մինչեւ մարտիրոսութիւն''։
- Հրաւէր Քրիստոսի աւետարանը տանելու բոլորին։
- Աստուծոյ Սիրոյ վկայութիւնը, առանց որուն մարտիրոսութիւնն ու առաքելութիւնը կը կորսնցնեն իրենց քրիստոնէական իմաստը։

Անդրադառնալով Օթրանթոյի սուրբերուն Քահանայապետը ընգծեց թէ անոնք Քրիստոսը չ՛ուրանալու քաջութիւնը գտած էին հաւատքի մէջ որ ''թոյլ կու տայ մարդկաին տեսողութենէն անդին նայիլ''։ Մինչ Սրբուհի Լաուրա Մոնթոյան - ըսաւ Սրբազան Հայրը- եղաւ աւետարանութեան տիպար։ Ան մեզի կը սորվեցնէ տեսնել Յիսուսի դէմքը ուրիշի դէմքին մէջ եւ յաղթահարել անտարբերութիւնն ու անհատականութիւնը բոլորը ընկալելով առանց խտրականութեան, անոնց տալով լաւագոյնը ու անոնց հետ կիսելով ինչ որ մեզի համար ամէնէն արժէքաւոր է` Քրիստոս ու Անոր Աւետարանը։ Իսկ Մարիա Կարսիա Ծաւալայի մասին անդրադառնալով Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ ան եղաւ սիրոյ եւ ողորմութեան տիպար. ''Ան ծառայեց հիւանդներուն, աղքատներուն եւ լքուածներուն։Ան մեզ կը հրաւիրէ սիրելու Յիսուսը որ մեզ սիրեց անհունօրէն։

Քրիստոսի ու Անոր աւետարանին հաւատարմութիւն որպէսզի Զայն հռչակենք խօսքով եւ գործով, վկայելով Աստուծոյ սէրը մեր սիրով եւ ուրիշներու հանդէպ մեր ցուցաբերած ողորմութեամբ։ Ահա ասոնք են լուսաւոր այն օրինակները եւ ուսուցումը զոր այս երեք նոր սուրբերը կը պարգեւեն մեզի - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ու խօսքը եզրափակեց հայցելով Տիրամօր ու երեք նոր սուրբերու բարեխօսութիւնը որպէսզի Տէրը մեր կեանքը լեցնէ իր սիրոյ ուրախութեամբ։

Սուրբ Զոհի աւարտին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրեն արտասանեց Ողջ լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.