2013-05-12 09:06:02

Սրբադասման Արարողութիւն Վատիկանի Մէջ։ Երեք Սուրբերու Հակիրճ Կենսագրականը։


Կիրակի 13 մայիսի առաւօտեան Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, տեղի ունեցաւ երեք նոր սուրբերու սրբադասման արարողութիւնը ֆրանչիկոս Պապի նախագահութեամբ։ Երեք սուրբերն են` Անթոնիո Բրիմալտօ եւ 800 ընկերները, Լաուրա Մօնդօյա Ուբէկուի եւ Մարիա Կարսիա Ծաւալա։

Օթրանթոյի Նահատակաները ։
Անթոնիօ Բրիմալտօ եւ 800 ընկերները։
13 օգոստոս 1480 թուականին, Օթրանթօ՝ Իտալիոյ Բուլիա նահանգին մէջ, Անթոնիօ Բրիմալտօ եւ 800 ընկերները մերժած են ընդունիլ մահմետական կրօնքը հակառակ թուրքերու սպառնալիքներուն։
Օսմանեան Կայսրութեան զօրաւար` Ահմէտ Փաշայ, Օթրանթօ քաղաքը գրաւելէ ետք գլխատել տուաւ Անթոնիօ Բրիմալտօն եւ անոր 800 ընկերները որովհետեւ անոնք մերժած էին ըդունիլ մահմետական կրօնքը։ Իր նահաատակութենէն առաջ Անթոնիո Բրիմալտոն արտասանած է հետեւեալ խօսքը
''Մենք կը ճանչնանք Յիսուս Քրիստոսը որպէս միակ մեր Տէրը եւ Ճշմարիտ Աստուածը։Կը նախընտրենք հազար անգամ մեռնիլ քան թէ Թուրք կոչուիլ։''
Յայտնենք որ Անթոնիօ Բրիմալտօ երանելի հռչակուած է
երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին օրով 1980 թուականին։

Լաուրա Մօնդօյա Ուբէկուի (1847 – 1949) Գոլոմպիցի կրօնաւորուհին, հիմնադիրն է Անառատ Յղութեան եւ Սիենայի Սրբուհի Քադէրինայի անուան միաբանութիւններուն։ Երանուհին բոլոր կեանքը նուիրած է տեղացիներու հովութեան եւ աղքատներուն աւետարանացման ։Իր օրով Անառատ Յղութեան եւ Սիենայի Սրբուհի Քադէրինա միաբանութիինները ունէին 90 կեդրոններ 3 տարբեր երկիրներու մէջ եւ 467 կրօնաւորուհիներ։
Սոյն միաբանութիւնները այսօր ունին հազարէ աւելի կրօնաւորուհիներ, Լատին Ամերիկիոյ, Եւրոպայի եւ Ափրիկեան ցամաքամասերու 21 տարբեր երկիրներուն մէջ։

Մարիա Կարսիա Ծաւալա մեքսիքացի կրօնաւորուհին (1878 – 1963) հիմնադիրը՝ Սրբուհի Մարկերիթ Մարիամ աղախիններու միաբանութեան ի սպաս աղքատներուն։ Մարիա Կարսիա Ծաւալա եղած է իր հոգեւոր հօր Չիբրիանօ Ինիկէզիի հիւանդապահը ։1920 թուականներուն, Մեքսիքոյի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ դէմ գործադրուած հալածանքներու շրջանին իր հիւանդանոցին մէջ ապաստան տուած է տասնեակ վարդապետներու եւ եպիսկոպոսներու զանոնք հալածանքէն ու մահէն ազատելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.