2013-05-11 11:45:27

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Շաբաթ Օրուայ Գործունէութիւնը։


Շաբաթ 11 մայիսի առաւօտեան ժամը 7-ին, ինչպէս ամէն օր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պատարագ մատոյց Սանդա Մարդայի Մատրան մէջ ու իր արտասանած քարոզին մէջ, մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, նշեց թէ ''իսկական աղօթքը մեզ կը մղէ մենք մեզմէ դուրս ելլելու եւ բացուելու ուրիշներու պահանջներուն։ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ ակնարկեց նաեւ այն հատուածին ուր Յիսուս կ՛ըսէ ''եթէ Հօրմէ բան մը խնդրէք իմ անունովս` պիտի տայ ձեզի''։

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ժամը 11-ին ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչը Կարտինալ Մարք Ուելլէն եւ ժամը 12-ին ընդունեց գաղթականներու եւ փախստականներու Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Վէլիոն։

Յայտնենք որ Սրբազան Հայրը ուրբաթ 10 մայիսին պատմական հանդիպում ունեցած էր Թաուատրոս Բ Պապին հետ իսկ վաղը կիրակի 12 մայիսին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ պիտի նախագահէ քահանայապետութեան իր առաջին սրբադասումի արարողութիւնը որուն ընթացիքն խորաններու պատւոյն կը բարձրացնէ Մեքսիքացի Կուատալուբէ Կարսիա Զավալան եւ Ինտիոսներու աւետարանիչ Գոլոմպիացի Լաուրա Մոնթոիա Ի Ուբդէկուին։

Նշենք ապա թէ ուրբաթ 10 մայիսի երեկոյեան Սրբազան Քահանայապետի թուիթթերեան կայքի վրայ հրատարակուեցաւ հետեւեալ թուիթը.

''Սուրբ Հոգին մեզի կը շնորհէ ուրիշներու հանդէպ նայուածք մը, որուն ընդմէջէն զանոնք կը տեսնենք որպէս եղբայրներ ու քոյրեր ի Քրիստոս զոր յարգելու եւ սիրելու ենք։''








All the contents on this site are copyrighted ©.