2013-05-11 11:54:21

Սուրիոյ Խաղաղութեան Համար Աղօթքի Միջազգային Օր


Սուրիոյ եկեղեցիները շաբաթ 11 մայիս 2013-ը հռչակած են Սուրիոյ խաղաղութեան համար աղօթքի օր` ''բեկանուած սրտի մը աղօթքը'' նիւթով։
Սուրիայի եկեղեցիները այս առթիւ հրաւիրած են քրիստոնեայ աշխարհը աղօթք բարձրացնել առ Աստուած որպէսզի իր անհուն գութութեամբ ողորմութիւն շնորհէ Սուրիոյ ու վերջ դնէ բռնութիւններուն։
Այս առաջին անգամն է որ Սուրիոյ բոլոր եկեղեցիները նման նախաձեռնութիւն մը կ'որդեգրեն, հրաւիրելով քրիստոնեայ աշխարհը աղօթել հետեւեալ չորս դիտաւորութիւններուն համար.


Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու անունով գերերջանիկ Գրիգոր Գ.` Յոյն կաթողիկէ պատրիարքը կոչ ուղղած է աշխարհի քրիստոնեաներուն որ շաբաթ օրը 11 մայիսին աղօթեն Սուրիոյ խաղաղութեան համար, քանի Լիբանանի ու Ս. Երկրի խաղաղութիւնը նաեւ պայմանաւորուած են Սուրիոյ խաղաղութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.