2013-05-11 12:54:14

Շուշիի Ազատագրութեան 21-ամեակի Տօնակատարութիւն Պէյրութի Մէջ


Ներկայութեամբ՝ բազմահարիւր հայորդիներու։
Շուշիի ազատագրութեան 21-ամեակին առիթով, կազմակերպութեամբ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդին, ուրբաթ, 10 մայիսի երեկոյեան՝ժամը 8-ին, վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն, ներկայութեամբ՝ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան ներկայացուցիչ՝ պրն. Վարդան Ադամեանի, հոգեւոր հայերու եւ քոյրերու, կրթական պատասխանատուներու, Արցախեան ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի ընտանիքի անդամներուն, ծնողներու եւ նախկին ու նոր մեսրոպեանականներու:
ՀԿՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու նուագէն ետք, Մեսրոպեան վարժարանի երգչախումբի աշակերտները երգեցին Արցախին քայլերգը, ապա Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Մեղրի Չարըգեան, որ նշեց, թէ Շուշիի աշխարհագրական եւ ռազմական դիրքին կարեւորութիւնը Շուշիի ձեռքբերումը վերածեց յաղթանակներու յաղթանակին, Արցախի միջնաբերդի ամրապնդման:
Գեղարուեստական յայտագրին՝ Մարիլին Գասարճեան ասմունքեց «Արցախի լեռներ» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք Նարօտ Ադամեան ջութակով եւ Անի Գասպարեան դաշնամուրով նուագեցին երկու ստեղծագործութիւններ:
Ապա ցուցադրուեցաւ ՜՜Շուշիի պանծալի յաղթանակին հերոսներու զոհաբերութիւնը արժեւորող տեսերիզ մը՝՝ որմէ ետք՝ վարժարանի «Հաւասի» աշուղական համոյթը երգեց «Ղարաբաղ իմ» եւ «Հայոց Երկիր» եւ «Յառաջ Հայաստան» երգերը: Խումբի գեղարուեստական պատասխանատուն է տիկին Գարմէն Աճէմեանը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց դոկտ. Լեւոն Աւետանեան, որ նշեց, թէ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան ընթացքին, Շուշի մարմնաւորած է հայու ինքնուրոյնութիւնը եւ ազատ ու անկախ ապրելու ազգային բնազդը. ան շեշտեց, որ Շուշիի ազատագրական պայքարի 57 նահատակները հետեւեցան գաղափարական պատուիրաններուն, եւ մենք, ապրողներս պէտք է ապրինք ու գործենք նոյն պատուիրաններով:
Բանախօսութեան յաջորդեց վարժարանի նուագախումբին կատարումը, որ նուագեց «Արդեօք ովքեր են» եւ «Ղարաբաղ»ը: Նուագէն ետք Լիզա Հայրապետեան ասմունքեց «Ձօն» բանաստեղծութիւնը: Հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ վարժարանի երգչախումբի արցախեան երգաշարի ներկայացումով, խմբավարութեամբ պրն. Մանուէլ Քէշիշեանի: Ապա «Շուշի» պարախումբը պարեց «Տրնթէզ»ը, որ ստեղծեց մեծ խանդավարութիւն: Պարախումբի պարուսոյցն է տիկին Սարին Արթինեան:
Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ հաստատեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանը իր առաքելութեամբ կը հետեւի Վիգէն Զաքարեաններու ուղիին, տէր կանգնելով հայրենի հողին, արժէքներուն եւ ժառանգութեան: Պրն. Կրէկուար Գալուստ յայտնեց, որ Մայիս ամիսը յաղթանակներու ամիս է, եւ Շուշիին յաղթանակը վերանորոգեց հայութեան պայքարելու կամքն ու ոգին:
Շուշիի ազատագրութեան 21-ամեակի հանդիսութիւնը փակուեցաւ գերապայծառ Մանուէլ եպս.Պաթաքեանի «Պահպանիչ»ով, եւ ՀԿՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ «Սարդարապատ» յաղթերգով:








All the contents on this site are copyrighted ©.