2013-05-11 13:09:28

Երանացման Արարողութիւն Հռոմի Ս. Պօղոսի Անուան Պազիլիքային Մէջ։


Նոր Երանելին՝ գերապայծառ Լուիճի Նովարէզէ։
Շաբաթ 11 մայիսի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Վատիկանի պետական քարտուղար' Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ, նախագահեց Հռոմի Ս Պօղոսի նուիրուած Պազիլիքային մէջ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին երանելի հռչակեց գերապայծառ Լուիճի Նովարէզէն՝ հիմնադիրը ''Ս Խաչի լռակեաց գործիչներու գթութեան միաբանութեան''։
Նոր Երանելին ծնած էր 29 Յուլիս 1914-ին, Իտալիոյ Ալէսսանտրիա քաղաքի՝ Casale Monferrato-ի մէջ։
Երանելի ՅՊԲ , զինք կը կոչէր ՜՜Հիւանդներու առաքեալը՝՝։
Արդարեւ աշխատելով հանդերձ՝ Ս. Աթոռի քարտուղարութեան մէջ, 1942-1970, եւ ապա Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասին մէջ, 1970-1977, ինքզինք ամբողջովին նուիրած էր անկարներուն պայքարելով անոնց հանդէպ անտեսման դէմ, ու գործելով որ անոնք ամբողջութեամբ մաս կազմեն ընկերութեան. մանաւանդ անոնց սորվեցնելով արհեստ մը, որպէսզի անոնք կարելի եղածին չափ ինքնաբաւ ըլլան, նաեւ՝ նիւթապէս։ Ըստ գերապայծառ Լուիճի Նովարէզէի ՜՜հոգեւոր ոյժը շատ կարեւոր ու ազդու դեր ունի հիւանդին համար՝՝։ Ան հիմնած է բուժարաններ եւ օգնութեան կեդրոններ. դասընթացքներ՝ որպէսզի անոնք արհեստ մը սորվին ու դրականօրէն ապրին իրենց հիւանդութիւնը։
1943-ին՝ գերապայծառ Նովարէզէ հիմնեց ՜՜Քահանաներու Մարեմեան Միութիւնը՝՝ օգնութեան հասնելու հիւանդ, կամ անկար քահանաներուն։ Չորս տարի ետք ալ մեկնարկեց ՜՜Տառապեալներու ի սպաս Կամաւորներու Կեդրոն՝՝ ընկերակցութեան, ուր քահանան կը սորվեցնէ հիւանդին մտածելու ու աւելի լաւ ապրելու իր հիւանդութիւնն ու կեանքը... իսկ 1950-ին՝ կը հիմնէ ՜՜ Խաչի լռակեաց գործիչներու գթութեան՝՝ միաբանութիւնը՝ նուիրեալ անձերու ընկերակցութիւն մը, ուր կրօնաւոր թէ աշխարհական այր ու կիներ կը գործեն ամոքելու հիւանդներուն տառապանքը, զօրացնելով անոնց քրիստոնէական հաւատքը։ 1952-ին կը սկսի կառուցումը Վերպանայի մէջ ՜՜Մարիամի Անարատ Սրտին՝՝ տան, ուր 1960-էն ի վեր հազարաւոր հիւանդներ հոգեւոր կրթութիւն կը կատարեն։ Միշտ 1952-ին՝ գերապայծառ Նովարէզէ կը հիմնէ ՜՜Հիւանդներու եղբայրներ ու Քոյրեր՝՝ ընկերակցութիւնը, որուն առաքելութիւնն է ոչ միայն հոգ տանիլ հիւանդին այլ եւ մասնակցիլ անոր հետ հոգեւոր կրթութեան...
Իսկ 17 Հոկտեմբեր 1957-ին, Գերապայծառ Նովարէզէ կը կազմակերպէ բացառիկ հանդիպում մը հիւանդներուն համար։
'' Ունկնդրութիւն Վատիկանի մէջ, 7000 հիւանդներուն՝՝ մեծապէս յուզիչ արարողութիւն մը...
Երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ քահանայապետը ունկնդրութիւն կը շնորհէ Իտալիոյ զանազան քաղաքաներէն եւ գիւղերէն ժամանած հիւանդներուն եւ անկարներուն։
Նոր երանելին՝ գերապայծառ Նովարէզէ, իր մահկանացուն կնքեց 20 Յուլիս 1984-ին, Հռոմէն ոչ շատ հեռու Րոգգա Բրիորա ապաքինման կեդրոնը։
Իր մարմինը կը հանգչի Հռոմի Վիա Ճուլիա գտնուող՝ Santa Maria del Suffragio եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.