2013-05-10 12:51:18

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Նոր Կառավարութեան Հետ


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ` նոր կառավարութեան առաջին նիստէն առաջ, հանդիպում ունեցաւ վարչապետին եւ նորանշանակ նախարարներուն հետ, շնորհաւորեց զանոնք կառավարութեան կազմին մաս կազմելնուն առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց: Նախագահը մասնաւորաբար ընդգծեց, որ այս կառավարութենէն ակնկալիքները շատ մեծ են եւ արդիւնաւէտ ձեւով աշխատելու համար ոչ մէկ խոչընդոտ կայ, այլ ընդհակառակը` նպաստաւոր պայմաններ:
Նախագահ Սարգսեան անդրադարձաւ նախորդ տարի կառավարութեան առջեւ դրուած նուազագոյնը 7 տոկոս տնտեսական աճ ապահովելու հարցին, զոր լուծուեցաւ: Ըստ նախագահին, այս տարուան ընթացքին ալ նոյն հարցը դրուած է, հետեւաբար այս նոր կառավարութեան գործունէութենէն կ՛ակնկալուի որակական ցուցանիշներ կառավարութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան եւ ընկերային խնդիրներու լուծման ճշգրիտ ցուցանիշներ արձանագրել: «Պիտի հարցնենք ոչ թէ ի՞նչ կատարուած է, այլ կատարուածը ի՞նչ արդիւնքներ տուած է: Եւ այս արդիւնքները պէտք է չափելի եւ տեսանելի ըլլան: Չափելին աշխատավարձերու բարձրացումն է, թոշակներու յաւելումն է, չափելին ոչ միայն պետական համակարգի աշխատողներու աշխատավարձերու բարձրացումն է, այլ տարբեր գործիքներու օգտագործումով նաեւ պետական հատուածին մէջ աշխատողներու աշխատավարձերու բարձրացման նպաստելն է, մարդոց ճշգրիտ ընկերային խնդիրներու լուծումն է», շեշտեց նախագահ Սարգսեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.