2013-05-10 12:51:02

Երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի 7-8 Մայիս 2013
Արեւելեան Եկեղեցիներու Սուրբ Զատկուայ առթիւ`
Շնորհաւորութիւններ


Երեքշաբթի 7 Մայիսին, առաւօտեան ժամը 10­ին, Երուսաղէմի համայն եկեղեցիները, բացի Հայ Առաքելական եկեղեցիէն, ժամադրուած էին Յոյն Ուղղափառ Պատրիարքարանը, Թէոֆիլոս 3­րդ Պատրիարքը շնորհաւորելու համար Սուրբ Զատկուայ տօնին առթիւ։ Խօսք առաւ, բոլորի անունով` Լատինաց Ֆուատ Թուալ Պատրիարքը, որ անգլերէն լեզուով ուղղեց իր մաղթանքները եւ սրտագին փափաքը գէթ այս տօնին առթիւ ազատած տեսնելու Սուրիոյ մէջ վերջերս առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները։
Թէոֆիլոս յոյն պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն իրենց սիրալիր այցելութեան համար եւ ապահովեց թէ հսկայական ջանքեր կը թափուին եպիսկոպոսներու ազատագրման ի խնդիր։ Ապա` ներկաները հիւրասիրուեցան եւ մեկնելէ առաջ` դարձեալ առանձին առանձին իրենց մաղթանքներն ուղղեցին Պատրիարքին. Այս վերջինը ամէնուն յանձնեց զատկական գունաւոր հաւկիթներ։
Մեկնած պահուն` հանդիպեցանք Հայ Առաքելական Եկեղեզւոյ շքախումբին, որ կ՛ընկերանար Նուրհան Մանուկեան Պատրիարքին։ Անոնք իրենց կարգին կու գային իրենց մաղթանքները ներկայացնելու Յունաց Պատրիարքին։
Յաջորդ օրը` չորեքշաբթի 8 Մայիսին, առաւօտեան ժամը 10,30­ին, Հայ Պատրիարքն էր որ կ՛ընդունէր Երուսաղէմի համայն Եկեղեցիներու շնորհաւորանքները։ Նախ խօսք առաւ Ֆուատ Թուալ` լատինաց պատրիարքը, որ դրուատեց Հայոց դարաւոր ներկայութիւնը եւ դրական դերը Սուրբ Երկրի մէջ. Իրեն պատասխանեց Նուրհան Պատրիարքը, անգլերէն լեզուով, յիշեցնելով թէ վերջերս Երուսաղէմ այցելեցին հայկական բազմաթիւ խումբեր, Հայաստանէն եւ ուրիշ զանազան երկիրներէ, ինչպէս Ֆրանսայէն, Ամերիկայէն, Գերմանիայէն եւ Գանատայէն, մեծ մխիթարութիւն պատճառելով Հայոց Պատրիարքութեան եւ Երուսաղիմահայութեան։
Ճոխ հիւրասիրութենէ ետք, ներկաները գոհունակ մեկնեցան, տեղ բանալով Յունաց շքախումբին որ, քաուասներու առաջնորդութեամբ, որոնք գետինը կը հարուածէին իրենց գաւազաններով, Պատրիարքին ճամբայ բանալու համար, մուտք գործեց հայկական Պատրիարքարան, իրենց կարգին` շնորհաւորելու համար Քրիստոսի յարութեան պանծալի տօնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.