2013-05-10 12:59:33

Արեւանգուած Երկու Սուրիացի Եպիսկոպոսները Լաւ Վիճակի Մէջ Են Կ'ապահովցնէ Սուրիացի Ընդդիմադիրներու Պարագլուխը։


Ժորժ Սալիպա` նախագահը սուրիական ազգային խորհուրդին մամուլին հետ ունեցած ելոյթով երաշխաւորած է որ 22 ապրիլին արեւանգուած ասորի եւ յոյն օրթոտոքս հալէպցի եպիսկոպոսները լաւ վիճակի մէջ են եւ կը գտնուին Հալէպէն 20 քիլոմեդր` Պաշագդին շրջանին մէջ։ Եպիսկոպոսները կալանուած են Հալէպի հիւսիս արեւմուտքի շրջանը։ Դէտերու գնահատումով յոյն օրթոտոքս Պուլոս Եզաճի եւ ասորի օրթոտոքս Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներու արեւանգումով քրիստոնեայ համայնքներու մէջ կը տիրէ վախը եւ շատերը մտադիր են երկրէն փախուստ տալ ինչ որ մեծ դժբախտութիւն մը պիտի ըլլայ այդ աշխարհամասի բնակիչներուն համար։ Յայտնենք վերոյիշեալ երկու եպիսկոպոսներու արեւանգումով զինեալ մարդիկը սպաննած են սարկաւագ վարորդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.