2013-05-10 12:51:51

«9 Մայիսը Փրկութեան Եւ Ազատութեան Օր Է» Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առիթով: Իր ուղերձին մէջ նախագահը նշեց, որ 9 մայիսը հայ ժողովուրդին համար կրկնակի խորհուրդ ունի: Առաջինը` Մեծ հայրենական պատերազմի ընթացքին բազմաթիւ ժողովուրդներու կողքին հայերը նաեւ սխրանքով նուաճեցին պանծալի յաղթանակը` կարելիութիւն տալով կառուցել խաղաղ ու ստեղծագործ ապագայ: Երկրորդ` Շուշիի ազատագրումէն ետք 9 մայիսը դարձաւ յաղթանակի եւ խաղաղութեան նոր խորհրդանիշ: Նախագահը նշեց, թէ ատիկա մեզի համար փրկութեան եւ ազատութեան օր է, նոր յոյսերու, նոր կեանքի սկիզբ, հայոց նորագոյն պատմութեան նշանակալից հանգրուան: Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ այսօր ոեւէ մէկուն բարեհաճութեան կարիքը չունինք մեր տան մէջ ապրելու եւ արմատէն կը կտրենք որեւէ բռնութիւն: Նախագահը յայտնեց, որ դժբախտաբար խաղաղութիւնը յաճախ ձեռք կը ձգուի զոհերու գնով, եւ անոնց սխրանքը մենք պիտի յաւերժացնենք` ամուր ու վերելք ապրող պետութիւն կառուցելով








All the contents on this site are copyrighted ©.