2013-05-09 12:53:51

Յորդանան Որոշեց Ամմանի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանը Վտարել Եւ Թել Աւիւի Մէջ Իր Դեսպանը Տուն Կանչել:


Մինչ Աքսայի մզկիթի շրջափակին դէմ իսրայէլացի բնակեցուածներու կողմէ յարձակումները երէկ եւս շարունակուեցան, Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նսուր յայտնեց, որ իր երկիրը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պիտի դիմէ, եթէ Աքսայի մզկիթին դէմ իսրայէլեան յարձակումները զարգացում արձանագրեն: Ան նշեց, որ յորդանանեան կառավարութիւնը այս դէպքը շատ լուրջ ու վտանգաւոր կը նկատէ եւ այսքան մեծ թիւով բնակեցուածներու անընդմէջ ու շարունակուող յարձակումները կազմակերպուած եւ ծրագրուած չարամտութեան ցուցանիշ մը կը սեպէ:
Ան Յորդանանի խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ երեսփոխաններէն պահանջեց վտարել Ամմանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Տանիէլ Նիվոն եւ Թել Աւիւի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Օպէյտաթը տուն կանչել, ինչպէս նաեւ 26 հոկտեմբեր 1994-ին կնքուած, Յորդանան-Իսրայէլ «Արապայի հովիտ» անունով ծանօթ խաղաղութեան համաձայնութիւնը չեղեալ նկատել:
Յորդանանի խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ որոշեց վտարել Ամմանի մէջ Իսրայէլի դեսպանը եւ Թել Աւիւի մէջ Յորդանանի դեսպանը տուն կանչել:
Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը երէկ ձերբակալեց Երուսաղէմի միւֆթի Մուհամատ Հուսէյն զայն հարցաքննելու համար` հիմնուելով այն կասկածներուն վրայ, թէ մասնակից դարձած է երեքշաբթի օր Աքսայի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած խռովարարութեանց:








All the contents on this site are copyrighted ©.