2013-05-09 12:45:49

Յիսուսի Համբարձումը


Համբարձում կը նշանակէ «բարձրացում»: Համբարձումը Յիսուսի յարութիւն առած ու փառաւորուած մարմնով երկինք բարձրանալու եւ Հայր Աստուծոյ աջ կողմը նստելու յիշատակումին տօնն է, որ տեղի կ՛ունենայ միշտ Հինգշաբթի օր, Յարութեան 40-րդ օրը: Յարութենէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն երեւնալէ ետք, 40-րդ օրը իր աշակերտներուն հետ Ձիթենեաց լեռ բարձրացաւ ուր յայտնեց իր աշակերտներուն. «երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք ու իմ վկաներս պիտի ըլլաք, Երուսաղէմի, Հրէաստանի, եւ Սամարիայի մէջ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը»: Երբ Ան արտասանեց այս խօսքերը, Յիսուս երկինք բարձրացաւ մինչեւ որ ամպերը ծածկեցին զԻնք աշակերտներուն տեսողութենէն: Այս պատուիրանին համաձայն Թադէոս ու Բարթողոմէոս Առաքեալները
Հայաստան եկան հիմը դնելու Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ:








All the contents on this site are copyrighted ©.