2013-05-08 13:04:55

Լիբանան Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները Դատապարտելու Կոչ Կ՛ընէ ՄԱԿին


ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի իշխանութիւնները Երկուշաբթի, Մայիս 6ին դարձեալ դիմած են ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդ՝ կոչ ընելով անոր, որ դատապարտէ վերջերս մտահոգիչ կերպով բազմացած իսրայէլեան սահմանային խախտումները:
«Պատասխանելով» այս դիմումին՝ իսրայէլեան օդանաւեր Երկուշաբթի գիշեր եւ Երեքշաբթի առաւօտեան դարձեալ խզեցին Լիբանանի օդային սահմանները եւ ցած մակարդակի թռիչքներ գործեցին Պէյրութի վերեւ, ապա ուղղուեցան հիւսիսային Լիբանան:








All the contents on this site are copyrighted ©.