2013-05-08 12:35:09

Անթուրայի 300 Հայ Նահատակ Որբերու Յիշատակի Ոգեկոչում


Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին, կիրակի, 5 մայիս 2013-ին` երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Անթուրայի Լազարիստ հայրերու «Սուրբ Յովսէփ» եկեղեցիին մէջ 300 հայ նահատակ որբերու յիշատակին մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգիստ: Պատարագը մատուցեց Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, առընթերակայութեամբ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի եւ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի: Ներկայ էին Մանուէլ եպս. Պաթագեան եւ Պօղոս եպս. Ռուհանա` պատրիարքական փոխանորդ Սարպայի թեմին եւ այլ եկեղեցականներ:
Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Վարդան Ադամեանը, Այնթուրայի քաղաքապետ Լապիպ Աքիքին, երեսփոխան զօրավար Միշէլ Աունի ներկայացուցիչը Րոժէ Ազաարը, երեսփոխան Ֆարիտ Էլիաս Խազէնը, տոքթոր Եուսէֆ Խալիլը, Ապուտ եւ Ժոզէֆ Պօղոսը, որ օրուան յատուկ երգին բառերը յօրինած էին` «Ես եմ Եփրատը» խորագիրով:
Սուրբ պատարագի ընթացքին Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան վերյիշեց Այնթուրայի որբանոցին մէջ թուրք օսմանցիներու ձեռքով թրքացման ենթարկուած եւ նահատակուած հայ մանուկները: Ան յայտնեց, որ կը վերապրինք այս ազգային, ընկերային եւ կրօնական յիշատակը բոլոր աշխարհին ցոյց տալու, թէ մենք հայերս եւ լիբանանցիներս չենք մոռնար այն բոլորը, զորս մեր նախահայրերը ապրեցան, տառապեցան եւ զոհուեցան յանուն բարոյական, մարդկային, ազգային եւ կրօնական արժէքներու: Ան նշեց, թէ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը կ՛ոգեկոչէ այս կրօնական յիշատակը նոյն ատեն վերյիշելու 1915-ի Մեծ Եղեռնը եւ Լիբանանեան նահատակաց յիշատակը 6 մայիսին:
Պատարագի աւարտին հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններու պատանեկան եւ սկաուտական խումբերը շղթայ կազմեցին առաջնորդելու համար մեծ թիւով ներկայ ժողովուրդը դէպի հայ մանուկներու աճիւնները ամփոփող գերեզմանը եւ մեծ խաչքարը, զոր Խաչատուրեան եղբայրները կառուցած էին` ի յիշատակ նահատակներուն: Գերեզմաններուն վրայ կարմիր վարդ զետեղելէ ետք, հաւատացեալները հաւաքուեցան Ս. Յովսէփ դպրոցի մայր հրապարակին վրայ, ուր Մեսրոպեան վարժարանի (Աւասի) մանկապատանեկան երգչախումբը ներկայացուց յաւուր պատշաճի երգեր, որոնց կանխեց ՀԿՄ-ի շեփորախումբը` իր քայլարշաւով եւ հոգեւոր երգերով:
Սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ տոքթ. Եդուարդ Թորիկեանի, որոնք մեկնաբանեցին հայ նահատակներու նուիրուած 2 արաբերէն երգեր` «Դուպաուիոն մըն շարգինա» եւ «Ես Եփրատն եմ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.