2013-05-07 13:54:04

Հայաստանի Պատմութեան Մէջ 11-14 դդ. Ժամանակահատուածը Ամենահարուստն էր.


Պատմաբան Քլոտ Մութաֆեան, որ մեկնած է Լիբանան, Մերձաւոր Արեւելքի ֆրանսական ուսումնարանին եւ Մարդու մասին գիտութիւններու միջազգային կեդրոնին մէջ հանդէս գալու համար դասախօսութիւններով՝ լիբանանեան “L`Orient-Le Jour” թերթին մէջ ներկայացուցած է իր վերջին` “Լեւանտեան Հայաստան. XI-XIV դդ.” աշխատանքը: (News.am-ի, հաղորդած է “L`Orient-Le Jour”-ը):
“Հայաստանի պատմութեան մէջ 11-14 դդ. ժամանակահատուածը ամենահարուստն էր: Կար երկու Հայաստան` պատմական Հայաստանն ու Կիլիկիան, ուր հայկական ազնուական ընտանիքները փախան թրքական լուծէն”,- ըսած է Մութաֆեանը:
Հեղինակին խօսքով` ատիկա բացառիկ ազգային արտագաղթ էր` բացարձակապէս նոր մարդկային պատմութեան մէջ: “Քանի որ ներգաղթելով` շատ հայ ընտանիքներ, ինչպէս Ռուբինեաններն ու Հեթումեանները, ունէին յստակ նպատակ` ստեղծել Լեւանտեան հայկական թագաւորութիւն”,- նշած է Մութաֆեանը:
Գիրքի երեք գլուխ նուիրուած է տոհմաբանութեան: Խաչակիրները, որոնք չորս պետութիւն հիմնած են այնտեղ, փնտռած են կանանց: Սակայն անոնք չէին կրնար կնութեան առնել ոչ մահմետականներ, ոչ ալ յոյներ` հռոմէկան եւ յունական եկեղեցիներու միջեւ տարաձայնութեան պատճառով, ուստի կը մնային միայն “գեղանի հայ արքայադուստրերը, որոնք յանկարծ հինգերորդ շարասիւն դարձան ֆրանկներու պետութիւններուն մէջ”:








All the contents on this site are copyrighted ©.