2013-05-07 12:43:35

Հայաստան Մասնակցած է Տուպայի Ամենամեայ Ներդրումային Համաժողովին


ՀՀ տնտեսութեան նախարարութիւնը, ԱՄԷ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Զարգացման հայկական գործակալութեան աջակցութեամբ ՀՀ պաշտօնական պատուիրակութիւնը եւ մօտ տասը հայկական մասնաւոր ընկերութիւններ մասնակցած են Ապրիլ 30-Մայիս 2 Տուպայի Ամենամեայ ներդրումային երրորդ համաժողովին (Annual Investment Meeting, Dubai-2013): Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
ՀՀ պաշտօնական պատուիրակութեան ղեկավար, ՀՀ տնտեսութեան փոխնախարար Տիգրան Յարութիւնեան համաժողովին ծիրէն ներս հանդիպում ունեցած է ԱՄԷ տնտեսութեան նախարար Սուլթան պն Սաաիտ ալ-Մանսուրի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր, մասնաւորապէս հայկական` արտադրատեսակներու` ԱՄԷ արտահանման ծաւալներու մեծնալուն հնարաւորութիւնները:
Համաժողովին զուգահեռ բացուած է նաեւ ցուցահանդէս: Հայկական տաղաւարին մէջ ներկայացուած են արտահանման ներուժ ունեցող հայկական ընկերութիւններու արտադրատեսակները: Մայիս 2-ին տեղի ունեցած է Հայաստանին նուիրուած շնորհանդէսը, որուն ներկայ եղած են ԱՄԷ զարգացման եւ միջազգային համագործակցութեան փոխնախարար Ապտալլահ ալ-Սալեհին:
Շնորհանդէսէն ետք փոխնախարար ալ-Սալեհի ԱՄԷ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Գեղամ Ղարիպճանեանի ուղեկցութեամբ այցելած է հայկական տաղաւար:
Նշեալ ձեռնարկներու ծիրէն ներս տեղի ունեցած են բազմաթիւ գործարար հանդիպումներ եւ ձեռք բերուած են համագործակցութեան շուրջ համաձայնութիւններ, ինչպէս նաեւ ստորագրուած է փոխըմբռնման յուշագիր` հայկական եւ օտարերկրեայ մասնաւոր ընկերութիւններու միջեւ:
Դեսպան Ղարիպճանեան հանդիպում ունեցած է նաեւ համաժողովին մասնակցելու նպատակով Տուպայ մեկնած Ռումանիոյ տնտեսութեան նախարար Վարուժան Ոսկանեանի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն հետ:
Տուպայի Ամենամեայ ներդրումային համաժողովը տեղի ունեցած է ԱՄԷ փոխնախագահ, վարչապետ եւ Տուպայի էմիրութեան կառավարիչ շէյխ Մուհամմատ պն Ռաշէտ ալ-Մաքթումի հովանաւորութեամբ: Համաժողովին մասնակցած է 80 երկիր եւ հետեւեալ ոլորտները ներկայացնող 220 ներդրումային ընկերութիւն` գիւղատնտեսութիւն, սնունդի վերամշակում, արդիւնաբերութիւն, ուժանիւթ, քիմիական արդիւնաբերութիւն, դրամատնային եւ ելեւմտական ապահովագրութիւն, զբօսաշրջութիւն, հեռահաղորդակցութիւն, շինարարութիւն, անշարժ գոյքի առք եւ վաճառք, հանքարդիւնաբերութիւն, իրաւաբանական խորհրդատւութիւն եւ այլն:








All the contents on this site are copyrighted ©.