2013-05-07 12:50:04

Երուսաղէմի Հայ Եկեղեցին Նշած Է Սուրբ Յարութեան Տօնը


Երուսաղէմի մէջ Մայիս 5-ին Հայ եկեղեցին նշած է Սուրբ Յարութեան տօնը: Տօնին առիթով շաբաթ օր Սուրբ Գերեզմանին վրայ տեղի ունեցած է յատուկ արարողութիւն, որուն ընթացքին յոյն պատրիարքը եւ հայ պատրիարքին ներկայացուցիչ հոգեւորականը Գերեզմանէն դուրս բերած են Տիրոջ Յարութիւնը խորհդանշող կրակը եւ բաշխած Սուրբ Յարութեան Տաճարին մէջ ներկայ ուխտաւորներուն: Այս մասին կը հաղորդ «Արմէնփրես»-ը:
Կիրակի առաւօտեան Սուրբ Յարութեան տաճարի Տիրոջ Գերեզմանի վրայ զատկական Սուրբ պատարագ մատուցուած է Էջմածինէն Երուսաղէմ գտնուող Տ. Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեանի կողմէ:
Զատիկի տօնին առիթով կատարուած է նաեւ եկեղեցական եռադարձ թափօր Սուրբ Գերեզմանի շուրջ:
Սուրբ Յարութեան տօնին մասնակցելու համար բազմաթիւ հայ ուխտաւորներ ժամանած են Երուսաղէմ՝ Հայաստանէն, Թուրքիայէն, ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Ռուսաստանէն եւ Պուլկարիայէբ` վարդապետ եւ քահանայ հայրերու ուղեկցութեամբ: Բոլոր ուխտաւորները ընդունած է Երուսաղէմի ընտրեալ պատրիարքը եւ իր օրհնութիւնը տուած է անոնց:








All the contents on this site are copyrighted ©.