2013-05-07 12:10:23

Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան Առթիւ Սրբազան Հայրը Այցելութիւն Պիտի կատարէ Ռիոյի Աղքատ Մէկ Թաղամասին։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Պրազիլ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, այցելութիւն պիտի կատարէ Ռիոյի աղքատ մէկ թաղամասին։
Յառաջիկայ յուլիսին Պրազիլ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առիթով, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մտադիր է այցելութիւնն կատարել Ռիօ տի Ժաներօ քաղաքի մէջ աղքատ թաղամասի մը։ 22-29 յուլիս իր առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը կը նախատեսէ բարի գալուստի արարողութիւն, հանդիպում երկու միլիոն երիտասարդներու հետ Գոբագապանա ծովափին վրայ։ Յաջորդ օրը, նոյն վայրին մէջ, ճանապարհ խաչի բարեպաշտութիւն։ Իսկ 27 յուլիսին` աղօթքի հսկում եւ 28 յուլիսին բացօդեայ պատարագ Ռիոյի արեւմտեան շրջանը` Կարադիպա թաղամասին մէջ։ Իր այս կեցութեան ընթացքին հաւանական է որ Սրբազան Հայրը հանդիպում ունենայ մարզիկներու հետ, այցելէ մէկ դարմանատունը եւ Աբարասիտա մարմեան սրբավայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.