2013-05-06 11:24:48

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Կրօնի Ազատութեան Յանձնաժողովի Տեղեկագիրը


Սուրիոյ մէջ կրօնի ազատութեան դէմ շարունակական խախտումներ
Միացեալ Նահանգներու միջազգային Կրօնի Ազատութեան յանձնաժողովը վերջին օրերուն տեղեկագիր մը հրապարակած է Սուրիոյ մէջ կրօնի ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին։ Տեղեկագիրին խորագիրն է '' Պաշտպանել եւ ծաւալել կրօնի ազատութիւնը Սուրիոյ մէջ''։ Վերոյիշեալ յանձնաժողովը ամերիկեան խորհրդարանի անկախ մէկ կազմակերպութիւն մըն է հիմնուած 1998-ին ունենլով որպէս նպատակ վերահսկել աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան վրայ։

Տեղեկագիրը կը հաստատէ որ սուրիոյ մէջ վերջերս կրօնական ազատութեան դէմ խախտումներ կը կատարուին եւ կրօնամոլութենէ յառաջացած յարձակումներ կը կատարուին Սիւննի իսլամ կամ փոքրմասնութիւններու կրօնական հասարակութեան անդամներուն դէմ։

Սուրիան միշտ յատկանշուած է իր բազմակրօն եւ բազմացեղայի բնողէ ունեցած է։ 22 միլիոն բնակչութեան 75 տոկոսը Սիւննի մահմետական են ապա կու գան ալաուիդները 12 տոկոսով հուսկ քրիստոնեաները 10 տկոսով։ Կան նաեւ Տրզնիներ եւ Եզտիներ ու շատ փոքրաէիւ հրեաներ որոնք կ՛ապրիլ Տամասկոս Հալէպ եւ Ալ Գամէխլիէ։
2011-ին սկիզբ առած քաղաքական ընդհառումներու հետեւանքով մինչեւ օրըս քանդուած են 500 հազար շէնքեր ''դպրոցներ­ մզկիէներ-եկեղցիներ եւ հիւանդանոցներ'' ասոնց շարքին են նաեւ հնադարեան մեխարժէք մզկիդներ ու վնաքեր։


Սուրիոյ մէջ կրօնի ազատութեան դէմ շարունակական խախտումներ
Միացեալ Նահանգներու միջազգային Կրօնի Ազատութեան յանձնաժողովը վերջին օրերուն տեղեկագիր մը հրապարակած է Սուրիոյ մէջ կրօնի ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին։ Տեղեկագիրին խորագիրն է '' Պաշտպանել եւ ծաւալել կրօնի ազատութիւնը Սուրիոյ մէջ''։ Վերոյիշեալ յանձնաժողովը ամերիկեան խորհրդարանի անկախ մէկ կազմակերպութիւն մըն է հիմնուած 1998-ին ունենալով որպէս նպատակ վերահսկել աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան վրայ։

Տեղեկագիրը կը հաստատէ որ սուրիոյ մէջ վերջերս կրօնական ազատութեան դէմ խախտումներ կը կատարուին եւ կրօնամոլութենէ յառաջացած յարձակումներ կը կատարուին Սիւննի իսլամ կամ փոքրամասնութիւններու կրօնական հասարակութեան անդամներուն դէմ։

Սուրիան միշտ յատկանշուած է իր բազմակրօն եւ բազմացեղայի բնոյթ ունեցած է։ 22 միլիոն բնակչութեան 75 տոկոսը Սիւննիթ մահմետական են ապա կու գան ալաուիթները 12 տոկոսով հուսկ քրիստոնեաները 10 տկոսով։ Կան նաեւ Տուրզիներ եւ Եզիտիներ ու շատ փոքրաթիւ հրեաներ որոնք կ՛ապրին Տամասկոս Հալէպ եւ Ալ Գամէշլի։
2011-ին սկիզբ առած քաղաքական ընդհառումներու հետեւանքով մինչեւ օրս քանդուած են 500 հազար շէնքեր ''դպրոցներ­ մզկիթներ-եկեղցիներ եւ հիւանդանոցներ'' ասոնց շարքին են նաեւ հնադարեան մեծարժէք մզկիդներ ու վանքեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.