2013-05-06 14:12:21

Զմմառու Վանքի Նոր Կայքէջը՝ Աւետարանացման Նոր Միջոց։


Զմմառու վանքը իր նոր բարձրորակ կայքէջով կու գայ մեզի ներկայացնելու իր արժէքները: Յաճախ կը կրկնենք թէ եկեղեցին պէտք է լաւագոյն ձեւով օգտագործէ ներկայ հաղորդամիջոցները, մանաւանդ եկեղեցւոյ նոր սերունդը, նոր աւետարանացման սերունդը, որ պէտք է լաւագոյն միջոցները գտնէ, ՜՜Քրիստոսի խօսքը փոխանձելու այսօրուայ երիտասարդներուն ինչպէս նաեւ տարեցներուն, որոնց համար համացանցը դարձած է ամէնօրեայ իրականութիւն, գիտելիքներու ու պրպտումներու լայնածաւալ աղբիւր:
Զմմառու հայ կաթողիկէ պատրիարքական միաբանութեան ներկայ վարչութիւնը, ընտրուած՝ հոկտեմբեր 2011ին, սոյն նախաձեռնութեամբ մեզի կը փոխանձէ այս իրականութիւնը: Պատմական էջեր, վանքի արժէքները ներկայացնող հայատառ էջեր, նկարներ, ամէնօրեայ լուրեր իրենց նկարներով, Ս. Միքայէլ եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան զոյգ ընծայարաններու էջերով, սրբավայրի նորութիւններով եւ մշակութային կեդրոնով որ կ'ընդգրկէ թանգարաններն ու մատենադարանը, մեզի կը ներկայացնէ սոյն միաբանութեան դերը այսօրուայ հայկական ազգային ու կրօնական կեանքէն ներս:
Պէտք է յիշենք նաեւ կայքէջին աշխատազմին մէջ գործող անձերը ըլլան անոնք՝ վարդապետ թէ քարտուղարութիւն, կը վայելեն պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին ու վանքի մեծաւոր հօր՝ գերպծ. Գաբրիէլ Մուրատեանի հսկողութիւնը եւ վարչական հայրերու հոգածութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը:
Վարձքը կատա՛ր բոլոր աշխատողներուն:

Կայքէջի հասցեն է` www.bzommarvank.com








All the contents on this site are copyrighted ©.