2013-05-04 11:58:05

Կիարկի օրուայ Աւետարանի ընթերցում։
Ե. Կիրակի Յիսնակաց
Ղուկ. 17, 1-10


1 Եւ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չգան. բայց վա՜յ անոր, որուն միջոցով կու գան:
2 [Աւելի] օգտակար պիտի ըլլար անոր, որ իշու ջաղացքի քար մը կախուէր իր վիզէն ու ծովը ձգուէր, քան թէ գայթակղեցնէր այս պզտիկներէն մէ՛կը:
3 Ուշադի՛ր եղէք դուք ձեզի: Եթէ եղբայրդ մեղանչէ քեզի դէմ` յանդիմանէ՛ զայն. ու եթէ ապաշխարէ` ներէ՛ անոր:
4 Եթէ օրը եօթն անգամ մեղանչէ քեզի դէմ, եւ օրը եօթն անգամ վերադառնայ քեզի ու ըսէ` “կ'ապաշխարեմ”, ներէ՛ անոր»:
5 Առաքեալները ըսին Տէրոջ. «Աւելցո՛ւր մեր հաւատքը»:
6 Տէրը ըսաւ. «Եթէ մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունենայիք, կրնայիք ըսել այս թթենիին. “Արմատախի՛լ եղիր եւ տնկուէ՛ ծովուն մէջ”. ան ալ պիտի հնազանդէր ձեզի»:
7 «Բայց ձեզմէ ո՞վ, ունենալով երկրագործ կամ հովիւ ծառայ մը, երբ ան [տուն] մտնէ արտէն` իսկոյն կ'ըսէ [անոր]. “Գնա՛, սեղա՛ն նստէ”:
8 Հապա չ'ը՞սեր անոր. “Պատրաստէ՛ իմ ընթրիքս, ու գօտիդ կապած` սպասարկէ՛ ինծի, մինչեւ որ ես ուտեմ եւ խմեմ. յե՛տոյ դուն ալ կեր ու խմէ”:
9 Միթէ շնորհապա՞րտ կ'ըլլայ այդ ծառային` իրեն հրամայուած բաները ընելուն համար. չեմ կարծեր:
10 Նոյնպէս դուք, երբ ընէք ձեզի հրամայուած բոլոր բաները` ըսէ՛ք. “Մենք անպէտ *ծառաներ ենք. ըրինք ինչ որ պարտական էինք ընել”»:







All the contents on this site are copyrighted ©.