2013-05-04 11:46:55

Երանացման Արարողութիւն Պրազիլի Մէջ։


Երանաշնորհ՝ ֆրանչիսքա Տէ Բաուլա Տէ Ճէզուի Երանացումը։
Շաբաթ 4 Մայիսին Պաէբէնտի մէջ (Պրազիլ) տեղի կ՝ունենայ Նըհա Չիքա կամ Զիա ֆրանչէսքա՝ Francisca de Paula de Jesus-ի Երանացումը որուն մասին արտայայտուած է կարտինալ Անճելօ Ամաթօ՝ կառավարիչը սուրբերու դատի ժողովին։
Ծիրանաւորը կ՝ըսէ թէ' ֆրանչիսքայի երանացումը ''մեծ պարգեւ մըն է Պրազիլի եկեղեցւոյ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ''։
Նոր երանուհին ծնած էր 800-ական թուականներու սկիզբը, Պրազիլի՝ Սանթ Անթէմիօ տօ Րիօ տաս Մորթէս քաղաքը, Իզապէլ Մարիա կոչուած' ստրուկի մը աղջիկը. ան ունէր եղբայր մը Թէօթոնիօ անունով որ ապագային շատ հարուստ եղաւ...
Երանուհին ժառանգեց եղբօր հարստութենէն մեծ գումար մը զոր ինք բաժնեց աղքատներուն ու նաեւ նպաստեց Անարատ Յղութեան նուիրուած մատրան մը կառուցման։
Ան որոշեց չամուսնանալ եւ ուզեց նուիրուիլ աղօթքի եւ եղբայրսիրութեան կեանք մը ապրելով ինչպէս որ զինք խրատած էր իր մայրը մեռնելէն առաջ։ Ան վանք չմտաւ այլ որպէս աշխարհական ապրեցաւ, նուիրուելով՝ Տիրոջ ու մաս կազմելով ՜՜կուսաններուն՝՝ Պէաթասներուն որոնք մնալով հանդերձ իրենց տան մէջ, կը նուիրուէին Տիրոջ եւ օգնութեան կը հասնէին ընչազուրկերուն ու կարիքաւորներուն։
Նոր երանուհին սրբակեաց կեանք մը ապրելէ ետք իր մահկանացուն կնքեց 14 Յունիս 1895-ին։ ֆրանչիսկոս քահանայապետը երանացման իր նամակին մէջ, երանուհիին մասին այսպէս արտայայտուած է. ՜՜Նհա Չիքա յարատեւօրէն աղօթող կին մըն էր եւ հաւատարիմ վկան Քրիստոսի գթութեան հանդէպ կարիքաւորներուն ըլլայ ֆիզիքապէս թէ հոգեպէս։
Վկաները միաձայնութեամբ կը հաստատեն թէ Նըհա Չիքա շատ կ՝աղօթէր եւ միշտ իր ձեռքին մէջ ունէր Վարդարանը։ Անխոնջ երկրպագու ու պաշտող Սուրբ Հաղորդութեան, եւ հայեցող Յիսուսի Չարչարանքին, ունէր խոր ջերմեռանդութիւն Տիրամօր Հանդէպ, Ու զինք կը կոչէր ՜՜Մինհա Սինհա' ՝՝ այսինքն՝ ԻՄ ՏԻԿԻՆՍ ։ Իր նախընտրած աղօթքն էր ՜՜Salve Regina՝՝ն՝ մեր ՜՜Ողջ լեր Թագուհի՝՝ աղօթքը։
Կարտինալ Անճելօ խօսելով նոր երանուհիին մասին կ՝ըսէ թէ Նըհա Չիքա խոնարհ էր։ Իր առաքինութիւնները իր անձին, չէր վերագրեր այլ՝ ամէն ինչ Տիրոջ ու Աստուածամօր։
Հաւատացեալներու խնդրանքները ան կը դնէր Ս. Կոյս Մարիամին առջեւ. ու երբ շնորհք ստացողները գային իրեն շնորհակալութիւն յայտնելու, ինք՝ Նըհա Չիքա կը պատասխանէր. ՜՜Ես կ՝աղօթեմ Տիրամօր, որ կ՝անսայ ինծի ու կը պատասխանէ...՝՝
Նոր Երանուհիին սրբութեան համբաւը միշտ աւելի ամուր ու յարատեւ էր։ Ան կոչուած էր Պաէբենտի փոքրիկ սրբուհին։ Անոր երանացումը քրիստոնէական հարազատ կեանքի դաս մըն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.