2013-05-03 13:31:54

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։Նորին Սրբութիւնը Ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահը։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այսօր ուրբաթ 3 մայիսի առաւօտեան ժամը 11-ին, ընդունեց Լիբանանու հանրապետութեան նախագահ` Տիար Միշել Սլէյման, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։ Նախագահ Սլէյման ապա հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քսրտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիի հետ։ Հանդիպումներու ընթացքին խօսուեցաւ Լիբանանու կացութեան մասին ինչպէս նաեւ շրջանի տագնապալից վիճակի մասին ընդգծելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջին արեւելքի Քրիստոնեաներու իրավիճակի մասին ու այս առնչութեամբ 'Եկեղեցին Միջին Արեւելքի Մէջ'' յորդորագիրի կարեւորութեան մասին։
Սրբազան Քահանայապետը ապա ընդունեց Իտալիոյ Մարքէ Նահանգի եպիսկոպոսական դասի անդամ եպիսկոպոսները որոնք Վատիկան ժամանած են Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կանոնական հնգամեայ իրենց այցելութիւնները կատարելու։
Սրբազան Քահանայապետը յետմիջօրէին ընդունեց` գերապայծառ Կէրարտ Միւլլէրը, Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը ու ապա Կարտինալ ֆերնանտօ ֆիլոնին, Ժողովուրդներու աւետարանութեան Ժողովի կառավարիչը։
Յայտնենք որ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վաղը 4 մայիսի յետ միջօրէին, Հռոմի Սանդա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքայի մէջ, Աստուածամօր նուիրուած մայիս ամսուայ առթիւ, կը նախագահէ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը։ Մինչ կիրակի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ պիտի նախագահէ ս. պատարագի արարողութիւնը Եղբայրակցութիւններու եւ Ժողովրդային Գթութեան Օրերու առթիւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.