2013-05-03 13:06:39

Մակի Կողմէ Հռչակուած Մամուլի Ազատութեան Համաշխարհային Օրը։


Այսօր 3 մայիս 2013 կը նշուի Մակի կողմէ հռչակուած Մամուլի ազատութաեն համաշխարհային Օրը ։
Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Մայիս 1-ին Ուաշինկթընի մէջ հրապարակած է իր տարեկան զեկոյցը, որ կը գնահատէ մամուլի ազատութեան վիճակը 2012 թուականին աշխարհի 197 երկիրներու մէջ: Զեկոյցին համաձայն՝ 63 երկրի մէջ մամուլի վիճակը գնահատուած է իբրեւ ազատ, 70 երկիր նշուած են մասամբ ազատներու շարքին եւ 64 երկրի մէջ մամուլը ազատ չէ:

Զեկոյցին տնօրէն Քարին Քարլիքարի խօսքով՝ Հայաստանի գնահատականը այս զեկոյցին մէջ բարձրացած է, քանի որ իրենք նկատած են լրատուամիջոցներու կողմէ աւելի հաւասարակշռուած լուսաբանում խորհրդարանական ընտրութիւններու շրջանին, ընդդիմադիր կուսակցութիւնները աւելի լայնօրէն կիրառած են համացանցային մետիան, բռնութիւնը եւ ոտնձգութիւնները լրագրողներու նկատմամբ նուազած են նախընտրական եւ ընտրութիւններու շրջանին: Հայաստանի մէջ նաեւ բաւական կտրուկ նուազած են զրպարտութեան վերաբերեալ բողոքները լրագրողներու դէմ: Այդ պատճառով Հայաստանը ամենամեծ յառաջընթաց արձանագրած երկիրներէն է այս զեկոյցին մէջ:
Մամուլի ազատութեան առումով նշանակալի եղած են նաեւ Վրաստանի ձեռքբերումները, յառաջընթաց արձանագրուած է 3 կէտով` Վրաստանի մէջ մամուլի ազատութիւնը բնութագրող ցուցանիշը 52-էն դարձած է 49: Յառաջընթացը մասնաւորապէս կապուած է հեռուստատեսային շուկայի մէջ քաղաքական բազմազանութեամբ, ընտրութիւններու լաւ լուսաբանմամբ:
Վրաստանը պահպանած է իր տեղը մասամբ ազատ երկիրներու շարքին:
Ատրպէյճանը 82 միաւոր ստացած է Freedom House-ի ցուցակին մէջ, այն պարագային, երբ վատթարագոյնը համարուած Հիւսիսային Քորէան եւ Թուրքմէնիստանը 96 միաւոր ունին:
Ատրպէյճանի գնահատականը երկու կէտով անկում ապրած է, որ կապուած է լրագրողներու նկատմամբ բռնութեան, տեղեկատուութեան հասանելութիւնը սահմանափակող օրէնսդրական փոփոխութիւններու հետ:
Վատթարագոյնը համարուած Թուրքմէնիստանի եւ Հիւսիսային Քորիայի կողքին մամուլի ազատութեան առումով շատ վատ դիրքերու մէջ են նաեւ Պելառուսը, Քուպան եւ Ուզպեքիստանը, նշուած է զեկոյցին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.