2013-05-02 10:50:24

Օպամա Եւ Փութին Հեռախօսով Քննարկած Են Պոսթընի Ահաբեկչութիւնը


Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութին ու Պարաք Օպամա հեռաձայնով բանակցութիւններու ընթացքին «գործնական համաձայնութեան եկած են գաղտնի սպասարկութեանց գծով աշխուժ կապերու վերաբերեալ»: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ:
Այս նիւթը իւրայատուկ արդիականութիւն ստացած է Պոսթընի ահաբեկչութեան լոյսին տակ: Գործնականին մէջ այդ համագործակցութիւնը մասնաւորաբար իր արտայայտութիւնը պիտի գտնէ Սոչիի մէջ յառաջիկայ Ողիմպիական խաղերուն անվտանգութիւնը ապահովելու շուրջ միացեալ աշխատանքին մէջ:
Բացի ատկէ, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները քննարկած են Սուրիոյ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ հակահրթիռային պաշտպանութեան խնդիրը: Կը հաղորդուի, որ անոնք զրուցած են Օպամայի` Փութինին ուղղուած նամակին շուրջ, որ 15 ապրիլին վերջինիս փոխանցուած է Սպիտակ տան պատուիրակ Թոմ Տոնիլի կողմէ:
Ըստ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովի, այդ նամակին մէջ հակահրթիռային պաշտպանութեան նիւթը առանցքայիններէն եղած է: Կ՛ակնկալուի, որ մօտիկ ապագային Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ Ուաշինկթըն հասցնէ Վլատիմիր Փութինի պատասխան նամակը:
Կը սպասուի, որ երկու պետութիւններուն ղեկավարները անձամբ հանդիպին երկու անգամ. յունիսի կէսերուն` Ութերու խմբակի անդամ երկիրներու վեհաժողովին եւ Սան Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունենալիք Քսաններու խմբակի վեհաժողովէն առաջ








All the contents on this site are copyrighted ©.