2013-05-02 10:54:04

Սուրիոյ Բարեկամները Պիտի Չարտօնեն, Որ Սուրիա Զոհ Դառնայ. Նասրալլա


«Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Երեքշաբթի, Ապրիլ 30ի երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ լիբանանեան զարգացումներուն: Նասրալլա կարգ մը վարկածներ ներկայացուց Իսրայէլ մուտք գործած առանց օդաչուի օդանաւին մասին, որ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ վար առնուած էր: Ան ըսաւ, որ «Հըզպալլա» իր կատարած գործունէութիւնները չի հերքեր:
«Մենք պատմութիւն ունինք եւ այդ է մեր վկան», ըսաւ Նասրալլա՝ շեշտելով, որ իրենք Իսրայէլի դէմ իրենց գործած քայլերուն պատասխանատուութիւնը կը ստանձնեն: Ան հաւանական նկատեց, որ Իսրայէլ ինք կրնայ ուղարկած ըլլալ այդ օդանաւը եւ ապա վար առած ըլլալ զայն՝ քաղաքական նպատակներով:
Նասրալլա նաեւ ըսաւ, որ Սուրիոյ վարչակարգը պիտի չտապալի՝ աւելցնելով, որ Սուրիոյ բարեկամ երկիրները պիտի չարտօնեն, որ Սուրիա Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու եւ սիւննի ծայրայեղ իսլամականներու զոհը դառնայ:
Անդրադառնալով Լիբանանի սահմանակից Սուրիոյ Քուսէյր շրջանին մէջ զոհուած «Հըզպալլա»ի զինեալներու թիւին՝ Նասրալլա ըսաւ. «Դժբախտաբար, արաբական աղբիւրներ աճուրդի վերածեցին այդ թիւը եւ ըստ երեւոյթին՝ մենք մինչեւ օրս հազար նահատակ ունինք: Եթէ նոյնիսկ նկատի ունենանք, որ «Հըզպալլա» 500 զոհ տուած է միայն՝ ապա ինչպէ՞ս կրնանք պահել զանոնք եւ գաղտնի թաղել», հարց տուաւ ան: Նասրալլա նաեւ շեշտեց, որ Քուսէյրի բնակիչները իրաւունք ունին ինքնապաշտպանութեան:
Ան նշեց, որ Իսրայէլի կողմէ որեւէ անխոհեմութեան պարագային, «Հըզպալլա» կազմ ու պատրաստ պիտի պայքարի անոր դէմ՝ զայն նոր անակնկալներու մատնելով:
Նասրալլա նաեւ ընդգծեց, որ պիտի զօրակցի առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարի լուծման՝ պահանջելով վերջ տալ այդ թղթածրարի քաղաքականացումին:
Իսկ Թուրքիա հաստատուած Սուրիոյ ընդդիմութեան մէկ ներկայացուցիչը Չորեքշաբթի օր դատապարտեց Սուրիոյ մասին Նասրալլայի յայտարարութիւնը:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, Չորեքշաբթի օր այցելեց Դամասկոս գտնուող ուժանիւթի արտադրութեան կայան մը՝ հազուադէպօրէն հանրային ելոյթ մը ունենալով, շատ հաւանաբար մեղմացնելու նպատակով վերջին երկու օրերուն մայրաքաղաքը հարուածած ահաբեկչական արարքներուն ստեղծած ժողովրդային անհանգստութիւնը:
Նաեւ, ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ճաաֆարի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ քիմիական զէնքի օգտագործման համար Սուրիոյ կառավարութեան ուղղուած ամբաստանութիւնները «թշնամական արշաւի մը մէկ մասը» կը կազմեն՝ նշելով, որ այդ ամբաստանութիւնները շրջանառութեան մէջ դրած են շարք մը լրատուամիջոցներ ու քաղաքագէտներ՝ առանց շօշափելի փաստերու:
Ճաաֆարի լրագրողներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ սուրիական կառավարութիւնն էր, որ Խան Ասալի ոճիրին շուրջ հետաքննութիւն պահանջեց, իսկ Ֆրանսա եւ Բրիտանիա հրահրում կատարեցին՝ յետաձգելով այդ հետաքննութիւնը:
Նաեւ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ դատապարտեց ահաբեկչական ականահարումը, որ Դամասկոսի մէջ թիրախ դարձուցած էր Սուրիոյ վարչապետը: Ան այսպիսի արարքներու պատասխանատուն նկատեց «կարգ մը շրջանային եւ միջազգային կողմեր, որոնք Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան եւ քաոս ստեղծելու ջանքերուն կ՛աջակցին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.