Հայաստանի եւ շատ մը երկիրներու մէջ ՜՜ոչ աշխատանքային օր՝՝ է։ Մայիս
1-ին կը նշուի աշխատաւորներու միջազգային օրը: 1884-ին ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի մէջ կազմակերպուած
են ցոյցեր` ի պաշտպանութիւն ութժամեայ աշխատանքային օրուան: Խորհրդային Միութեան
ստեղծումէն ետք՝ Մայիս 1-ը կը նշուէր իբրեւ մեծ տօն, որուն կ’ուղեկցուէին մեծ շքերթեր:
Աշխատաւորներու միջազգային օրը այսօր կը նշուի աշխարհի աւելի քան հարիւր պետութիւններու
մէջ: Տօնին առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներուն ընթացքին կը մեծարուին եւ գնահատանքի
կ’արժանանան աշխատանքի վեթերանները եւ աշխատաւոր դասակարգի ներկայացուցիչները: