2013-05-02 11:30:03

Եւրոպացի եպիսկոպոսները Կը Խորհին Երկխօսութիւն Հաստատել Մահմետականութեան Հետ` Միջկրօնական Ճշմարիտ Երկխօսութիւն Հաստատել Նոր Սերունդներուն Համար։


Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն համոզումով միջկրօնական երխօսութիւնը եւ մասնաւորաբար իսլամ կրօնի հետ երկխօսութիւնը անյետաձգելի է։ Այդ ուղղութեամբ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդը երկխօսութեան երկար տարիներու փորձառութիւն ունի իսլամ աշխարհին հետ եւ անհրաժեշտ կը նկատէ նոր սերունդներուն համար ճշմարիտ եւ ազդու երկխօսութեան մը հաստատումը։ Ներկայիս, մայիս մէկէն երեք, Լոնտոնի մէջ, Եւրոպայի եպիսկոպոսներու մահմետական աշխարհի յանձանախումբի պատասխանատուները իրենց երրորդ խորհրդաժողովը կը գումարեն մասնակցութեամբ կարտինալ Ռիգարի` Պորտոյի առաջնորդը եւ կարտինալ Թոռանի նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.