2013-05-02 12:45:53

Երուսաղէմի Պատրիարքի Կոչը Իսրայէլին՝ Ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը։


Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» թերթը Ապրիլ 30ի թիւով, կը տեղեկացնէ, թէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան, Կիրակի օր կայացած գիտաժողովի մը ընթացքին կոչ ըրած է Իսրայէլի իշխանութիւններուն, որ անյապաղ ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Մանուկեանի կոչը Հրէական համալսարանին մէջ կարդացուած է նոյն համալսարանէն ներս գործող Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի հիմնադիր փրոֆ. Մայքըլ Սթոնի կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.