2013-05-01 11:42:47

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Մայիս Մէկի Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի մայիս մէկին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներուն ։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այսօր կը տօնենք Սուրբ Յովսէփի տօնը եւ կը սկսինք Մարեմեան ամիսը։ Կ՛ուզեմ խորհրդածութիւնս կեդրոնացնել այս երկու դէմքերու վրայ, ընդգծելով երկու նիւթեր ''աշխատանքը եւ Յիսուսի հանդէպ հայեցողութիւնը''։
Յիսուս ապրեցաւ Սուրբ Ընտանիքին հետ միասին ուր սորվեցաւ ատաղձագործի արհեստը։ Այս մեզի կը յիշեցնէ թէ աշխատանքը մաս կը կազմէ Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրին։
Այս պահուն մտածումս կ՛ուղղուի այն բոլոր անձերուն որոնք դժուարութեան մէջ կ՛ապրին, աշխատանքի պակասի պատճառաւ։ Հաւատքի մէջ եղբայրներէս ու քոյրերէս ինչպէս նաեւ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոցմէ կը խնդրեմ որ որոշիչ դիրք բռնեն ստորացուցիչ աշխատանքի դէմ որ մարդը ստրուկ կը դարձնէ։
Երկրոդ գաղափարը Յիսուսի հանդէպ հայեցողութիւնն է։
Ամենօրեայ լռելեան գործունէութեան ընթացքին, Յովսէփի եւ Մարիամի ուշադրութիւնը ուղղուած էր միասնական կեդրոնի ` Յիսուսի։ Մեզմէ ամէն մէկը թող հարցադրէ. ''Ի՞նչ տեղ ունի Տէրը մեր կեանքէն ներս։''
Սուրբ Վարդարանի աղօթքի պաշտամունքը մեզի կը թոյլատրէ Յիսուսի խորհուրդներու մասին խորհրդածել։ Մարիամու այս ամսուայ ընթացքին սուրբ վարդարանը կ՛աղօթենք միասնաբար, ընտանիքի մէջ, բարեկամներու հետ, ժողովրդապետութիւններու մէջ։Սուրբ Յովսէփէն եւ Սուրբ Կոյս Մարիամէն խնդրենք որ մեզի սորվեցնեն ըլլալ հաւատարիմ մեր յանձնառումին, ապրիլ մեր հաւատքը մեր առօրեայի գործունէութեան ընթացքին եւ մեր կեանքին մէջ տեղ ապահովել Տիրոջ ու գիտնալ կանգ առնել ու հիացմունքով դիտել Անոր դէմքը։

Սոյն խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներու խումբերը ու ապա յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Սիրելի երիտասրադներ - ըսաւ Ան - Եղէ՛ք Քրիստոսի սիրահարները որպէսզի անոր հետեւիք նոր սլացքով եւ հաւատարմութեամբ։ Դուք սիրելի հիւանդներ` ձեր տառապանքները մխրճեցէք Փրկիչի սիրոյ արեան խորհուրդին մէջ իկ դուք` սիրելի նորապսակեալներ, ձեր փոխադարձ եւ հաւատարիմ սիրով եղէք Քրիստոսի Եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած` սիրոյ պերճախօս նշանը։
Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ներկաներուն ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.