2013-05-01 09:26:58

ՅՊԲ Երանելի Քահանայապետի Բ. Տարեդարձը


Երկու տարի առաջ, մէկ մայիս 2011-ի՝ առաւօտեան ժամը 10-ին, Ս Պետրոս հրապարակի վրայ, Բենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր քահանայապետը կարտինալական դասին մասնակցութեամբ՝ նախագահեց Աստուծոյ ծառայ ՅՊԲ քահանայապետի երանացման Ս. պատարագի արարողութեան։ Ներկայ էին աւելի քան 87 պաշտօնական պատուիրակութիւններ, որոնց մէջ 5 արքայական իշխանութեանց ներկայացուցիչներ, 16 երկիրներու նախագահներ եւ 6 վարչապետներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով կաթողիկէ եկեղեցականներ եւ այլ քրիստոնեայ եկեղեցիներէն եւ մահմետական կրօնքի ներկայացուցիչներ։
Սուրբ պատարագի աւարտին Բենեդիկտոս ԺԶ. քահանայապետը երանացումի բանաձեւը կարդաց, որմէ ետք Ս. Պետրոս տաճարի ճակատին դրուած ու քօղով ծածկուած՝ երջանկայիշատակ ՅՊԲ ի նկարը, ի յայտ եկաւ , որոտընդոստ ծափողջոյններու ընդմէջէն։
Պատարագէն ետք՝ խորանին վրայ զետեղուեցաւ , Երանելիին ձիթենիի ձեւով սրուակի մէջ դրուած՝ արիւնը , ցուցադրելու համար հանրութեան, արժանանալով՝ հաւատացեալներու մեծարանքին։ Ապա ուխտաւորները շարքով կարողացան մտնել Ս. Պետրոս տաճար, մեծարելու՝ համար հոն դրուած երանելի քահանայապետին դագաղը։
Այս արրողութեան հետեւեցան աւելի քան 2300 լրագրողական գործակալութիւններ՝ եկած աշխարհի 101 երկիրներէ, որոնց մէջ 1300 հեռատեսիլի կայաններ, 700 թերթեր, 230 լուսանկարիչներ եւ 250 ռատիոկայաններ։
Այս առթիւ իր ուղղած պատգամին մէջ, Բենեդիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը խօսեցաւ նոր երանելիին կեանքին, գործունէութեան ու տառապանքին մասին։
Այս առթիւ ձեզի կը կարդանք Երանելի ՅՊԲ.ին ուղղուած այս աղօթքը։
Խնդրենք միշտ անոր բարեխօսութիւնը։
Ով Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Երկրորդ
Եղի'ր մեր առաջնորդը Դժուար պահերուն։
Ս. Մարիամի՝ մեր մօր հետ,
Բարեխօսէ' Հօր Աստուծոյ
Եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներուն համար։

Շարունակէ' պաշտպանել մարդկային կեանքը
Պահպանէ' ծնանելիք մանուկը,
Անապահովութեան մէջ գտնուող երիտասարդը,
Հիւանդն ու եւ մահամերձը։

Եղի'ր մեզի օրինակ՝
Որպէսզի մենք ալ օր մը, հասնինք
Երկնքի արքայութեան
Մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի միջոցաւ։Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.