2013-04-30 14:51:37

Սուրիոյ Վարչապետին Դէմ Մահափորձ «Արտաքին Ուժեր Կը Ջանան Որեւէ Ձեւով Սուրիական Վարչակարգը Տապալել» Կ՛ըսէ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զգուշացուց Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու համար զանգուածային քանդումի զէնքերու հարցը օգտագործելէ:
Ան ըսաւ, որ «գոյութիւն ունին արտաքին պետութիւններ եւ ուժեր, որոնք սուրիական վարչակարգի տապալման համար բոլոր միջոցները լաւ կը նկատեն, սակայն զանգուածային զէնքերու օգտագործման հարցը շատ վտանգաւոր է»` աւելցնելով, որ այդ հարցին օգտագործումը անընդունելի է:
«Այդպիսի աշխարհաքաղաքական խաղը կ՛արգելակէ 19 մարտին Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման շուրջ հետաքննութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կարգ մը պետութիւններ կը փորձեն արգելք հանդիսանալ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն այս հարցով հետաքննութեան խնդրանքին ուղղակի պատասխան տայ:
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ շարք մը հանրապետականներ ճնշում բանեցուցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վրայ, որպէսզի ան Սուրիոյ դէմ պատերազմի ձեռնարկէ: Անոնք յայտնեցին, որ Ամերիկա կրնայ Սուրիոյ օդուժի օդակայանները հրթիռներով հարուածել, սակայն ցամաքային ուժեր պէտք չէ ուղարկէ:
Սաութ Քարոլայնայէն հանրապետական ծերակուտական Լինզի Կրահամ «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ սուրիական օդուժը չէզոքացնելը «ճակատամարտի ընթացքը արագ կերպով կը փոխէ», եւ այդ մէկը կատարելու միակ միջոցը սուրիական զինուորական օդակայանները «Քրուզ» տիպի հրթիռներով հարուածելն է:
Ծերակուտական Ճոն ՄքՔէյն իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է սուրիական ընդդիմադիր մարտիկներուն աջակցութիւնը աշխուժացնէ, նոյնիսկ եթէ ի յայտ գայ, որ կառավարական ուժերը թունաւոր կազեր չեն օգտագործած: Ան «Էն.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ «կրնանք «Փաթրիոթ» համակարգեր եւ «Քրուզ» հրթիռներ օգտագործել», ինչպէս նաեւ պէտք է Սուրիա երթալու համար «միջազգային ուժ» պատրաստել:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը մինչեւ հիմա չէ հաստատուած»:
Իսրայէլեան քաղաքական բարձրաստիճան աղբիւր մը իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ սուրիական բանակին կողմէ ընդդիմադիր ուժերու դէմ քիմիական զէնքերու օգտագործման հաստատ փաստեր գոյութիւն ունին` աւելցնելով, որ այս հարցով գաղտնի սպասարկական բազմաթիւ տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին եւ աշխարհի բոլոր գաղտնի սպասարկութիւնները անոնց ծանօթ են:
Ան նշեց, որ գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ քիմիական եւ ոչ աւանդական զէնքեր կ՛անցնին Հըզպալլայի եւ ահաբեկչական այլ կազմակերպութեանց ձեռքը, ինչ որ տակաւին Իսրայէլի համար մտավախութեան գլխաւոր նիւթն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.