2013-04-30 15:28:57

Շուէտի Կաթողիկէ Հաւատացեալներու Թիւը Միշտատեւ Յաւելում Կ՝արձանագրէ


Շուէտի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը միշտատեւ աճումի մէջ է։ Հետեւանք՝ աշխարհի զանազան երկիրներէն գաղթած՝ բանւորներուն եւ փախստականներուն. (այսպէս յայտարատած է Սթոքհոլմ թեմի առաջնորդը գերապայծառ Ապորելիուս)։ Այս իրավիճակը տեղւոյն թեմի եպիսկոպոսին համար մարտահրաւէր մըն է, քանի որ օտարներու պատշաճեցումը երկրին մշակոյթին ու աւանդութեան բարդ հարց մըն է։ Պաշտօնապէս Շուէտը կը հաշուէ 104 հազար կաթողիկէ հաւատացեալներ, բնակչութեան 1,5 տոկոսը։ Շուէտի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը պատկանի լիւտերական եկեղեցւոյ։ Սթոքհոլմի կաթողիկէ թեմը պատասխանատու է Շուէի բոլոր հաւատացեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.