2013-04-30 15:14:10

Համարձակիլ Աւետարանել Այսօր


Սուրբ Պօղոս կր գրէ. «Վայ ինծի եթէ Աւետարանը չքարոզեմ» (1 Կոր. 9.16): Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան, չորորդ դարուն կը համարձակէր ըսել. «Ձեմ կրնար հաւատալ փրկութեան մէկու մը, որ չի աշխատիր իր մօտիկին փրկութեան համար» (Քահանայութիւն, 3.10): Կամ աւելին ինչպէս ան կ’ըսէ. «Ոչինչ աւելի ունայն է քրիստոնեայի մը համար որ չի գործակցիր փրկելու ուրիշները, եթէ թթխմորը չի կրնար խմորի վերածել ալիւրը, ուրեմն այդ իրապէս թթխմոր է» (Քարոզներ 20. 4):
Ինչո ՞ւ աւետարանել
Առաջին պատճառը աւետարանելու պատասխանելն է ծարաւին մեր շուրջ գտնուող անձերուն, որոնք չեն ուզեր իրենց կեանքին մէջ իմաստ մը գտնել: Մենք ստեղծուած ենք յաւիտենականութեան համար եւ յաւիտենական սէրը միակն է որ մեզ կը յագեցնէ: Աւետարանել կը նշանակէ ըլլալ պատգամաւորը բարութեան, զոր Աստուած կ’ուզէ տալ մարդոց, ամբողջ մարդկութեան:
Կը գործենք մեղքը, կարծելով թէ ան մեզ ուրախ կը դարձնէ: Սակայն, կը ստուգենք որ մեծապէս սխալած ենք, որ սխալած եղած ենք, որովհետեւ մեղքը կ’առաջնորդէ մեզ մեղքի, մեզ եւ մեր շուրջ եղողները:
Աւետարանելը ամէն բանէ առաջ Քրիստոսէ մեզի տրուած պատուիրանն է. կը քարոզենք, որովհետեւ ան մեզի պատուիրեց այդ ընել: Կը քարոզենք, որպէսզի փոխանցենք ուրախութիւնը ուրիշներուն, որպէսզի դարձնենք ուրիշները ուրախ, տալով անոնց ճանչնալ եւ սիրել Քրիստոսը «ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» (Յովհ. 14. 6): Ասոր համար Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը կը քարոզէր բազմահազար երիտասարդներուն 14 Օգոստոս 1993-ին Տէնվըրի մէջ.
«Ունեցէք համոզումը թէ Աւետարանը միակ ճանապարհն է ազատութեան եւ փրկութեան աշխարհի ժողովուրդներուն համար»:
՜՜Աւետարանել՝՝ Աստուած սիրել է, որովհետեւ աւետարանելով մենք Իր պատուիրաններուն կը հնազանդինք. ինչպէս Ինք՝ մեր Տէր Քրիստոսը կ’ըսէ. «Գացէք ամբողջ աշխարհը եւ յայտարարեցէք բարի Լուրը ամբողջ մարդկութեան» (Մար. 16.15):
Աւետարանելը կ’ամրացնէ հաւատքը, ինչպէս մարմնական վարժութիւնը, որ կ’աճեցնէ մկանները: Փոխադարձաբար, հաւատք մը, որ չի կիսուիր հաւատք չէ, ան կը մեռնի:
Ս. Վէնսենթ տը Փօլ կ’ըսէր. «Իմ սիրելի եղբայրներ, մեր կոչումը է ուրեմն բռնկեցնել մարդոց սրտերը, ընել ինչ որ Աստուծոյ Որդին ըրաւ, Ան որ եկաւ կրակ դնելու աշխարհի վրայ, որպէսզի իր սիրով այրէ զայն: Ես ուղարկուած եմ աշխարհ, ոչ միայն Աստուած սիրելու, այլ զինք սիրցնելու ուրիշներուն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.