2013-04-30 14:26:55

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Երաժշտանոցի 30-ամեակի Նշում.


Կիթառահարներու Համոյթի Եւ Սենեկային Նուագախումբի Համերգ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի 30-ամեակին առիթով, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին, կիրակի, 28 ապրիլին, երեկոյեան, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի «Փիեռ Պու Խաթեր» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական համերգ` մասնակցութեամբ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի կիթառահարներու համոյթին եւ սենեկային նուագախումբին, ներկայ էին Գեղամ արք. Խաչերեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ:
Համերգին սկզբնաւորութեան, Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցին անունով խօսք առաւ Կարպիս Գապասագալեան, որ նշեց, թէ երաժշտանոցը` հիմնուած 1983-1984 տարեշրջանին` Պուրճ Համուտի մէջ, սփիւռքեան իրականութեան մէջ եղած է առաջին երաժշտական-հանրակրթական դպրոցը:
Ան հաստատեց, որ երաժշտանոցի ուսումնական ծրագիրը պատշաճեցուած է ազգային հանրօգուտ առաքելութեան սկզբունքներուն` ոչ շահադիտական միջոցներով ջամբել երաժշտական կրթութիւն` առաւելագոյն թիւով հայ աշակերտներու եւ նպաստել անոնց երաժշտական կազմաւորումին: Կարպիս Գապասագալեան ըսաւ, որ Համազգայինը 85-ամեայ իր նուիրական ու սրբազան առաքելութեամբ գործած է անշահախնդիր` հայ պատանիին ու երիտասարդին անսակարկ ջամբելու համար հայ մշակոյթին անփոխարինելի եւ ազնուագոյն արժէքները:
Համերգի ելոյթ ունեցան կիթառահարներու համոյթը, որուն գեղարուեստական ղեկավարն է Մկրտիչ Միքայէլեան:
Սենեկային նուագախումբը, որուն գեղարուեստական ղեկավարն է Կարօ Աւեսեան:, անոնք հրամցուցին օտար եւ հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն կտորներ:
Հանդիսութեան աւարտին իր եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ մեծապէս գնահատեց Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի ծաւալուն գործունէութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.