2013-04-29 14:11:07

Հայապահպանման Աշխատանքները Եւ Աշակերտութեան Դերը» Նիւթով Միօրեայ Սեմինար


Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական-ուսումնասիրական խմբակին, երէկ` կիրակի, 28 ապրիլին, առաւօտեան տեղի ունեցաւ «Լիբանանահայ գաղութը, հայապահպանման աշխատանքները եւ աշակերտութեան դերը» նիւթով միջդպրոցական միօրեայ Գ. սեմինարը` մասնակցութեամբ լիբանանահայ 10 վարժարաններու միջնակարգ դասարաններէն երեքական ներկայացուցիչներու:
Միօրեայ սեմինարը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա կազմակերպիչ խմբակին անունով խօսք առաւ Վանեսսա Նաժժար, որ նշեց, թէ հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ լիբանանահայ աշակերտը ունի մեծ պարտականութիւն` լաւապէս ճանչնալ իր պատմութիւնը եւ լեզուն, պահպանել մշակոյթը, արժէքներն ու ժառանգութիւնները եւ տէր կանգնիլ հայութեան դատին: Նաժժար շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:
Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ այս նախաձեռնութիւնը իր բնոյթով եզակի է, որ կ՛անդրադառնայ լիբանանահայութիւնը մտահոգող ամէնէն էական խնդիրին` հայապահպանումին, որ կ՛իրականանայ բծախնդիր, կազմակերպուած եւ միացեալ ճիգերով: Գալուստ յոյս յայտնեց, որ սեմինարին մասնակից աշակերտներուն լուրջ, ազգային եւ միասնակամ մթնոլորտը օրինակելի դառնայ բոլորին:
Բարի գալուստի խօսքերէն ետք, աշակերտները պատասխանեցին հայապահպանման հարցերուն մասին հարցախոյզի մը հարցումներուն, որմէ ետք դիտեցին լիբանանահայութեան պատմութեան մասին տեսերիզ մը:
Սեմինարի առաջին զեկուցաբերն էր Յակոբ Հաւաթեան, որ ներկայացուց «Հայապահպանման նպատակը, միջոցները եւ դժուարութիւնները» նիւթը: Երկրորդ նիւթն էր «Լիբանանահայ գաղութին իրավիճակը անցեալէն այսօր»: Զեկուցաբերն էր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:
Ճաշի դադարէն ետք խօսք առաւ միօրեայ սեմինարի երրորդ զեկուցաբերը` Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան: Զեկուցումը կը կրէր «Լիբանանահայ աշակերտին ազգային եւ հոգեւոր պատկանելիութիւնը» նիւթը: Զեկուցումներէն ետք աշակերտները ներկայացուցին իրենց հարցումները եւ յայտնեցին տեսակէտները:
Միօրեայ հանդիպումին վերջին նիւթը նուիրուած էր հայապահպանման աշխատանքին մէջ աշակերտութեան դերակատարութեան: Զրոյցը վարեց Մարօ Շորճեան: Զրոյցին յաջորդեց խմբային աշխատանք մը, որուն ընթացքին աշակերտները խումբերու ընդմէջէն բնորոշեցին հայ աշակերտին պարտականութիւնները հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ եւ պատրաստեցին նշանակներ:
Աւարտին, Սերուժ Եթերեան ներկայացուց հարցախոյզին արդիւնքները: Ապա ան կարդաց սեմինարի մասնակիցներուն անունով հրապարակուելիք միացեալ յայտարարութիւնը, որ ընդունուեցաւ բոլոր մասնակիցներուն կողմէ








All the contents on this site are copyrighted ©.