2013-04-29 13:05:14

Իտալիոյ Խորհրդարանի Առջեւ Հրացանաձգութիւն


Հռոմի մէջ, կիրակի 28 աապրիլին, մինչ Իտալիոյ նախագահական պալատին մէջ իտալական նոր կառավարութեան երդման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենար, Իտալիոյ խորհրդարանի հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ հրացանաձգութիւն մը որուն հետեւանքով երկու ոստիկաններ վիրաւորուեցան: Իտալիոյ նոր ներքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանօ յայտնեց, որ դէպքը կը թուի անջատ դէպք մը ըլլալ` ոստիկաններուն յայտնելով իր մօտիկութիւնը։
Երկու ոստիկաններ եւ անցորդ մը վիրաւորած հրացանաձգութենէն ետք շուրջ 40 տարեկան անգործ տղամարդ մը ձերբակալուեցաւ: Հռոմի քաղաքապետ Ճիաննի Ալէմանօ յայտնեց, որ դէպքը ահաբեկչական արարք մը կարելի չէ նկատել:







All the contents on this site are copyrighted ©.