2013-04-29 13:26:30

Արաբական (Իսլամ) Երկիրները Կը Պահանջեն Ազատագրումը՝ Արեւանգուած Երկու Եպիսկոպոսներուն


Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը կը պահանջէ ազատագրումը արեւնագուած՝ Հալէպի ասորի եւ յոյն եպիսկոպոսներուն, մատնանշելով որ արեւանգումը ինքնին հակառակ է իսլամական օրէնքին։ 57 պետութիւններէ կազմուած՝ այս ՜՜Կազմակերպութեան՝՝ քարտուղարը, կը մատնանշէ որ՝ քրիստոնեայ հոգեւորականները իրաւունք ունին արժանաւորութեամբ ու յարգանքով ապրելու մահմետական երկիրներու մէջ։ Յայտնենք որ Ասորի Եուհաննա Իպրահիմ եւ յոյն Պուլոս էլ Եազճի եպիսկոպոսները մինչ Հալէպէն Թուրքիա կ'ուղղուէին 22 ապրիլին, արեւնագուեցան զինեալ ոյժերու կողմէ եւ անոնց վախճանը տակաւին անյայտ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.