2013-04-29 13:05:45

՜՜Միջին Արեւելքի Հայ Գաղութներու Ճակատագիրը Այսօր՝՝ Նիւթով Կլոր Սեղան։


Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան, ուրբաթ, 26 ապրիլի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը միութեան «Ահրամճեան» կեդրոնի սրահին մէջ, ուր քննարկուեցաւ «Միջին Արեւելքի հայագաղութներու ճակատագիրը այսօր» այժմէական նիւթը: Ձեռնարկին ներկայ էին միութենական պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ քոյր կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ հայկական հարցերով մտահոգ բազմատասնեակ մտաւորականներ, տնօրէններ, կրթական մշակներ, արուեստագէտներ, «Խօսնակ»-ի բարեկամներ ու հայ մամուլի ներկայացուցիչներ։ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգներէն ետք, երեկոյթին բացման խօսքը արտասանեց խմբագրական կազմի անդամ Անժել Միսիսեան, ապա հրաւիրեց կլոր սեղանին մասնակիցները, որպէսզի հերթականօրէն քննարկեն 7 հարցումներէ բաղկացած հրատապ նիւթը, մինչ այդ, ներկաները դիտեցին Հալէպի ՀԲԸ Միութեան Շրջանակային յանձնաժողովին կողմէ պատրաստուած «Վերադարձի՛ր Հալէպ» խորագիրով 8 վայրկեաննոց տեսերիզը:
Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն պատճառով նահատակուած հայ հայրենակիցներուն յիշատակը, որմէ ետք ալ օրուան երեք մասնակիցները` Շահան Գանտահարեան, Ահարոն Շխրտըմեան եւ հայր Վարդան Գազանճեան հերթականօրէն պատասխանեցին կատարուած հարցադրումներուն` իւրաքանչիւրը յայտնելով հարցին նկատմամբ իր ունեցած տեսակէտը: Շօշափելէ ետք ՜՜Արաբական գարունի՝՝ ժխտական ազդեցութիւնը հայկական գաղութներու եւ մանաւանդ ապագայ համազգային ծրագիրները, դէպի Արեւմուտք գաղթը, հայապահպանման հարցը, Սուրիոյ իրավիճակէն տուժած հայոց սատար հանդիսանալու կարելիութիւնը, ու Հայաստան վերջնականօրէն տեղափոխուելու հարցը։ Հուսկ՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ի՞նչ կը սպասուի հայաստանամերձ հայագաղութներէն: Մասնակիցները գնահատեցին ցարդ կատարուած միասնական աշխատանքը` փափաք յայտնելով, որ շարունակուի՛ սկսուած ազգանուէր գործը, եւ սա ոչ միայն հայաստանամերձ գաղութներու պարագային միայն, այլ բոլոր անկիւններուն մէջ, եւ այլեւս ժամանակն է, որ հայ ժողովուրդը անցնի՛ աւելի գործնական ու լուրջ քայլերու, պահանջատիրութեան իրաւունքը համադրելու, միջազգային ատեաններու մէջ իրաւական քայլերու դիմելու եւ ամբողջական թղթածրարով մը ներկայանալու: Երեկոն վերջ գտաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիրին մասնակիցներուն` Շահան Գանտահարեանին, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին եւ Ահարոն Շխրտըմեանին ու ներկաներուն յայտնած շնորհակալութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.