2013-04-28 12:51:57

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Դրոշմի Խորհուրդը Մատակարարեց 44 Հոգիներուն։


Հաւատոյ Տարի։
Հաւատոյ Տարուայ առթիւ, կիրակի 28 ապրիլին նշուեցաւ Սուրբ Դրոշմի Խորհուրդի Օրը։
Առաւօտեան ժամը 10-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի վրայ գլախաւորեց Սուրբ Զոհի արարողութիւնը որուն ընթացքին դրոշմի խորհուրդը մատակարարեց, աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած` 11-55 տարեկան, 44 հաւատացեալներուն որ կը ներկայացնէին աշխարհի հինգ ցամաքամասերու համայն Եկեղեցին։
Դրոշմի խորհուրդը ընդունողներէն ոմանք ժամանած են վայրերէ ուր քրիստոնեաները կ՛ապրին դժուար կացութեան մէջ եւ ուր երկրի բնակիչները պատերազմի եւ բնական աղէտներէ սպառնալիքի տակ տակ կը գտնուին։ Դրոշմի խորհուրդը ընդունողներու շարքին կան նաեւ անկարներ որոնք Եկեղեցւոյ լիարժէք ուշադրութեան կ՛արժանանան - յայտարարած է գերապայծառ ճանֆրանքօ ֆիզիքելլան` Վերաւետարանութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը։
Վերոյիշեալ արարողութեան ներկայ գտնուեցան աշխարհի զանազան վայրերէն հռոմ ժամանած աւելի քան 80 հազար դրոշմուած երիտասարդներ եւ կրօնուսոյցներ ինչպէս նաեւ բազմահազար հաւատացեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.