2013-04-28 13:14:50

ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 28 ապրիլին, Սուրբ Պետրոսի հարապարակէն, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ ուզեց նախ նոր դրոշմուածները յանձնել Տիրամօր խնամատարութեան, որովհետեւ - ըսաւ Ան - Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի կը սորվեցնէ ի՞նչ ըսել է ապրիլ Սուրբ Հոգիին մէջ եւ ի՞նչ ըսել է ընդունիլ Աստուծոյ նորութիւնները։
Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջոյնի խօսք մը ուղղեց բոլոր ներկաներուն որ աշխահի զանազան երկիրներէն ժամանած են։ Հուսկ յատուկ աղօթք մը բարձրացուց Պենկլատէշի մէջ պատահած աղէտի զոհերուն։ ''Իմ զօրակցութիւնս եւ մօտիկութիւնս կը յայտնեմ - ըսաւ Ան - բոլոր ընտանիքներուն որոնք կ՛ողբան իրենց սիրելիները եւ ի խորոց սրտի կոչ կ՛ուղղեմ որպէսզի ''բանուորներուն'' ապահովութիւնը եւ անոնց արժանապատութիւնը միշտ պաշտպանուի։
Սրբազան Հայրը ապա արտասանեց Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը ու բոլորին ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.